Փիրլոյի Նշանակումը Ձախողեցաւ… – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Անտրէա Փիրլոյի նշանակումը` Իտալիոյ ազգային խումբի մարզիչ, վերածուեցաւ իսկական քաղաքական լուրջ խնդիրի:

Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ճիովաննի Մալակօ որոշեց ժամանակաւորապէս կասեցնել 47 տարեկան մասնագէտին նշանակման գործընթացը:

Երկուշաբթի օր պիտի յայտարարուէր Փիրլոյի պաշտօնական նշանակումը, բայց որովհետեւ Փիրլօ, որ այժմ Տուպայի Եունայթըտ խումբին հետ կապեր ունի, ծանուցումներ կը կատարէ ռուսական գրաւի ընկերութեան հաշուոյն` իր նախկին խմբակից Մարքօ Մաթերացիի հետ, ֆութպոլը քաղաքականութեան «խառնուեցաւ», եւ այժմ Փաուլօ Մալտինի սկսած է փնտռել նոր թեկնածու մը:

Անչելոթթիի եւ Կուարտիոլայի հետ կապուելու ձախողութիւններէն ետք Փիրլոն ալ ըստ երեւոյթին ձախողած քայլ մըն է, եւ Մալտինի պէտք էր գտնէր, գլխաւոր մարզիչի նոր թեկնածու մը, որ պիտի փորձէ Իտալիան 2014-ի Մոնտիալէն վերջ առաջին անգամ ըլլալով հասցնել Մոնտիալին (2030-ին):

Սակայն ըստ երեւոյթին դժուարութիւններուն չդիմանալով, Մալտինի եւ իր օգնական Լէոնարտօ (պրազիլցի նախկին ֆութպոլիստ) ստիպուած են հրաժարիլ իրենց վստահուած պաշտօնէն… նշանակուելէ 16 օրեր ետք միայն:

 

 

Leave a Comment