Արսենալ Պատրա՞ստ Է Ռէալ Մատրիտէն Վինիսիուսը Ձեռք Ձգելու

«Փրեմիեր լիկ»-ի տարեշրջանի նախօրեակին, ըստ երեւոյթին ախոյեան Արսենալ կ՛ուզէ աւելի եւս զօրացնել իր յառաջապահ գիծը, հակառակ անոր որ Վիքթոր Եոքերեշ լաւ ձեւով սկսած էր անցեալ եղանակը:

Շուէտացի յառաջապահը 14 կոլ կրցած էր նշանակել իր առաջին տարեշրջանին, առնուազն 7 կոլ աւելի իր խմբակիցներէն` օգնելով լոնտոնեան հիւսիսի խումբին, որ շահի իր առաջին «Փրեմիեր լիկ»-ի տիտղոսը 22 տարի ետք:

Բոլոր ճակատներուն վրայ ան կրցած էր 21 կոլ նշանակել, ինչ որ լաւագոյնն էր 2014-2015 տարեշրջանին Ալեքսիս Սանչեսէն (25 կոլ) ի վեր:

Իրականութեան մէջ միայն Սանչես, Իան Ռայթ եւ Թիերի Հանրի աւելի կոլ կրցած էին նշանակել իրենց առաջին տարեշրջանին Արսենալի շապիկով:

Տարաձայնութիւններ կան, որ Եոքերեշ պիտի մեկնի Աթլեթիքօ Մատրիտ, բայց տակաւին յստակ չէ, եթէ Եուլիան Ալվարես պիտի ժամանէ Արսենալ` նկատի ունենալով, որ Մատրիտի կազմը հաստատած էր, որ արժանթինցի յառաջապահը պիտի մնայ ակումբին հետ:

Հիմա լուրեր կան, որ Արսենալի մարզիչ Միքել Արթիթա կը հետեւի Վինիսիուս Ժունիորի վիճակին` Ռէալ Մատրիտի հետ:

Վինիսիուս Ռէալ Մատրիտի հետ նոր պայմանագրութեան մասին ժողով պիտի ունենայ, մինչ պրազիլցի յառաջապահը կ՛ուզէ շատ աւելի բարձր աշխատավարձ` աւելի դժգոհ դարձնելով խումբի նախագահ Ֆլորենթինօ Փերեսը:

Վինիսիուս իրականութեան մէջ շատ կարեւոր տարր մըն է Ռէալ Մատրիտի հետ, բայց անոր փոխանցման գինը, որ 160 միլիոն եւրօ է, կրնայ առիթ տալ, որ Արթիթա օգտուի առիթէն: 26 տարեկան պրազիլցին 128 կոլ նշանակած եւ 100 էսիսթ կատարած է 375 մրցումներու ընթացքին Սպանիոյ մայրաքաղաքի կազմին հետ: Վերջին ամիսներուն պրազիլցի մարզիկին եւ Ռէալ Մատրիտի հետ բանակցութիւնները միշտ ալ կանգ կ՛առնէին` երկու կողմերուն ալ ոչ մէկ զիջում կատարելուն պատճառով:

Վստահաբար մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ ինք ալ որոշում պէտք է տայ, թէ ակումբին համար ի՛նչն է աւելի կարեւորը, Վինիսիո՞ւսը, թէ՞ անոր փոխանցման գինով աւելի կարեւոր մարզիկ մը:

 

Leave a Comment