Անցեալ տարուան ձախողութենէն ետք, աշխարհի ամէնէն տիտղոսակիր ակումբներէն Ռէալ Մատրիտ իր հին-նոր մարզիչ Ժոզէ Մուրինիոյի հետ լրջօրէն կը պատրաստուի:
Արդէն իսկ խումբը զօրացնելու նպատակով Տենզել Տումֆրիզ (Նետերլանտներ), Մարք Քուքուրելիա, Իպրահիմա Քոնաթէ եւ Պեռնարտօ Սիլվա միացան` յաջորդաբար լքելէ ետք Ինթեր Միլանը, Չելսին, Լիվըրփուլն ու Մանչեսթըր Սիթին:
Մուրինիօ բաւարարուած չէ այս փոխանցումներով եւ կ՛ուզէ ձեռք ձգել Սպանիոյ խմբապետ Ռոտրին (Մանչեսթըր Սիթիէն), Եան Տիոմանտէն (Լայփցիկէն) եւ Ալեսանտրօ Պասթոնին (Ինթեր Միլանէն):
Վերջերս լուրեր շրջան ըրած էին, որ Արսենալ կ՛ուզէ ձեռք ձգել պրազիլցի Վինիսիուսը, որ այս շաբաթ ժողով պիտի ունենայ` ծանօթանալու համար իր պայմանագրութեան գծով նոր բարելաւումներու: Խումբի նախագահ Ֆլորենթինօ Փերես այդքան ալ ուրախ չէ Վինիսիուսի պահանջներէն, որ ամէն տարի կ՛աւելցնէ իր աշխատավարձին վերաբերող բողոքները:
Միւս կողմէ, Մուրինիօ եւ Ռէալ Մատրիտի ղեկավարութիւնը կազմած են ցանկ մը, եւ անոնց փոխանցումները որեւէ ձեւով չեն քննարկուիր:
Այսպէս կոչուած «անձեռնմխելիներու» ցանկին մաս կը կազմեն Քիլիան Էմպափէ, Ֆետերիքօ Վալվերտէ, Արտա Կիւլեր, Պեռնարտօ Սիլվա եւ Ճուտ Պելինկհամ: