«Մոնտիալին Կասկածելի Բաներ Եղան» Կ՛ըսէ Քոփենհակընի Խմբակը

Եւրոպայի դատական մարմինին մաս կազմող «Քոփենհակընի խմբակ» անունով միջազգային փաստաբաններու խորհրդակցական խումբ մը, որուն գործն է հետապնդել մարզախաղերու ընթացքը, ինչպէս նաեւ մրցումներու պահուն կատարուող գրաւներու ընթացքը:

Ըստ այս խմբակին, ՖԻՖԱ-ի կազմակերպած 104 մրցումներուն ընթացքին 15 մրցումներ տեղի ունեցած են խմբակներու (առաջին հանգրուանի) վերջին մրցումներուն, որոնք վերատեսութեան պէտք է ենթարկուին:

Արձանագրուած են 7 դեղին գիծի հասած զգուշացումներ, որոնք կ՛ենթադրեն, որ «կասկածելի» բաներ պատահած են` որոշ մեծ թիւով գումարներ դրուելով գրաւներու գծով:

Դեղին աստիճանը կրնայ պարզ կասկած նշանակել, որովհետեւ մնացեալ գոյներու աստիճանները շատ աւելի լուրջ են: Օրինակ նարնջագոյն գոյնի կասկածը հաստատ փաստերու կապուած կ՛ըլլայ, մինչ կարմիր գոյնի կասկածը ստոյգ եւ շատ զօրաւոր փաստերով հարցերը կ՛ըլլան:

ՖԻՖԱ-ն շատ պարզ ձեւով յայտնած էր, որ ոչ մէկ կասկածելի կամ վիճելի մրցում կամ որոշում կայացուած է (ըստ իրենց) այս Մոնտիալին:

 

Leave a Comment