«Էմ. Էմ. Էյ.» Էրիք Ռուշանեան Իր 5-րդ Յաջորդական Յաղթանակը Արձանագրեց

Խառն մենամարտերու հայ մարզիկ Էրիք Ռուշանեան կը շարունակէ իր յաղթանակներու շարքը` արհեստավարժ ասպարէզին մէջ:

Լեհաստանի Մենձիվոձէ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած «Պապիլոն Էմ. Էմ. Էյ. 59» մրցաշարքին, Ռուշանեանի մրցակիցը լեհ Ֆիլիփ Եարոցքին էր:

Հայ մարզիկը իր մենամարտը աւարտեց 3-րդ ռաունտին` խեղդող հնարքով ստիպելով մրցակիցին, որ յանձնուի:

Այս յաղթանակով Ռուշանեան իր անյաղթ կարգավիճակը կրցաւ պահել` արհեստավարժ մրցանիշը հասցնելով 5-ի, մինչ Եարոցքի 5 յաղթանակ եւ 10 պարտութիւն ունի:

 

Leave a Comment