ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի ֆութպոլի խումբը Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 12-րդ հանգրուանին 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ղատ Աֆտալէն:
Ղատ Աֆտալ այդքան ալ լաւ չէր ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտէն, բայց վստահաբար, երբ խումբ մը 1 պահեստի մարզիկով կը խաղայ եւ բաւարար փորձեր կատարած չէ, աւելի լաւ կազմակերպուած խումբի մը դէմ, այսպէս կ՛ըլլայ արդիւնքը:
Հակառակ այս բոլորին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ ինք էր, որ նշանակեց մրցումին առաջին կոլը Ուասիմ Ապտել Հատիի շնորհիւ: Այս կոլը Ապտել Հատիի 15-րդը եղաւ այս տարեշրջանին, մինչ Հիւսէյն Ութա (2) եւ Ալի Ժապալի նշանակեցին Ղատ Աֆտալի 3 կոլերը: Ղատ Աֆտալ առաջին դիրքի վրայ ապահովեց յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը, մինչ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ գրեթէ կորսնցուց իր բոլոր յոյսերը հասնելու յաջորդ հանգրուան: