Քոպախիծէ. «Վրաստանը Արտակարգ Յարաբերութիւններ Ունի Հայաստանի Ազրպէյճանի Եւ Թուրքիոյ Հետ»

Վրաստանը առանձնայատուկ յարաբերութիւններ ունի դրացի երեք երկիրներու, Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ, եւ այդ յարաբերութիւններու խորացումը կարեւոր դեր ունի երկրի կապակցուածութեան ու տարանցիկ գործառոյթի զարգացման համար: Այս մասին «Իմետի ԼԱՅՎ» հաղորդման ընթացքին յայտարարած է Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախիծէ:

Վրաստանի վարչապետին համաձայն, ենթակառոյցներուն մէջ իրականացուող լայնածաւալ ներդրումները պիտի նպաստեն երկրի տարանցիկ գործառոյթի հետագայ զարգացման:

«Ասոնք ենթակառոյցներուն մէջ իրականացուող շատ մեծածաւալ ներդրումներ են, եւ այս ամէնը պիտի նպաստէ մեր երկրի տարանցիկ գործառոյթի առաւել զարգացման: Ատոր հետ միասին կը խորացնենք մեր յարաբերութիւնները համապատասխան երկիրներու` մեր շրջանի եւ դրացի երկիրներուն հետ:

«Մենք արտակարգ յարաբերութիւններ ունինք մեր երեք դրացի երկիրներուն` Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ, եւ այս բոլորը առանցքային դեր ունին ինքնին կապակցուածութեան ու տարանցիկ գործառոյթի տեսանկինէն», յայտարարած է Քոպախիծէ:

Leave a Comment