Հակափտածութեան դատարանը երէկ փոխեց Գիւմրիի կալանաւորուած քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեանի խափանման միջոցը: Փտածութեան մեղադրանքով գրեթէ 9 ամիսէ ի վեր բանտը գտնուող Ղուկասեանի նկատմամբ կիրարկուած է 3 ամիս տնային կալանք:
Իբրեւ համակցուած խափանման միջոց` դատարանը սահմանած է 15 միլիոն դրամ գրաւ եւ կիրարկել բացակայելու արգելք:
Ըստ իրաւապահներուն, Ղուկասեան 4 միլիոն դրամ պահանջած էր գիւմրեցի գործարար Սեւակ Գոմցեանէն անոր անօրինական շինութիւնը օրինականացնելու համար: Գիւմրիի ընդդիմադիր քաղաքապետի փաստաբանները կը պնդեն, թէ Վարդան Ղուկասեան քաղաքական հետապնդման կ՛ենթարկուի: