Պայրամով. «Պաքուի Եւ Երեւանի Միջեւ Տէ Ֆաքթօ Խաղաղութիւն Է»

«Վստահութեամբ կարելի է ըսել, որ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ տէ ֆաքթօ խաղաղութիւն է», երէկ Մոսկուայի մէջ իր ռուս պաշտօնակիցին հետ բանակցութիւններէն ետք յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը` պնդելով, որ Պաքուի նախաձեռնութիւնները նպաստած են հայ-ազրպէյճանական կարգաւորման:

Հակառակ այս յայտարարութիւններուն` Պաքու կը հրաժարի ստորագրել հայ-ազրպէյճանական խաղաղութեան պայմանագիրը, որ նախաստորագրուած է անցեալ տարի` Ուաշինկթընի մէջ:

Անցեալ շաբաթ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով կրկնած էր, որ փաստաթուղթը կրնայ ստորագրուիլ միայն այն բանէն ետք, երբ «Հայաստանի Սահմանադրութենէն հանուին Ազրպէյճանի նկատմամբ տարածքային պահանջները»:

Leave a Comment