2026-ի Մոնտիալ. Արժանթին Հասաւ Աւարտական

2026-ի Մոնտիալի կիսաւարտականի երկրորդ մրցումին շատ հետաքրքրական պայքար կար մարզիկներուն միջեւ, ուր Արժանթին եւ Անգլիա իրար հանդիպեցան:

Այս անգամ Մարատոնայի ձեռքը չկար, Արժանթին պէտք չունէր… Կային Մեսսիի ոտքերը, որոնք 39 տարեկանին բաւարար եղան, որ Արժանթինի երկու կոլերը պատրաստէ 86-րդ եւ 92-րդ վայրկեաններուն:

Անգլիա ինք էր, որ կրցաւ նշանակել մրցումին առաջին կոլը 55-րդ վայրկեանին, արագ հակայարձակողականէ ետք, բայց Արժանթին, մանաւանդ մրցումի վերջին 30 վայրկեաններուն, ճնշեց Անգլիոյ բերդին վրայ, ուր Ճորտըն Փիքֆորտ կրցաւ 3 առիթներ զսպել, բայց ընելիք չունէր Էնզօ Ֆեռնանտեսի եւ Լաութարօ Մարթինեսի կոլերուն դէմ:

Անգլիա որոշած էր արդիւնքը պահել (1-0), բայց Արժանթին կրցաւ յաջողիլ, ինչ որ կրցած էր ընել Քափէ Վերտէի Եգիպտոսի եւ Զուիցերիոյ դէմ եւ այս անգամ… առանց իրաւարարներու սխալներուն:

Իրաւարարը այս անգամ բաւական արդար էր եւ նախապատուութիւն չտուաւ Արժանթինին, ինչպէս պատահած էր գրեթէ բոլոր մրցումներուն:

Արժանթինի ուժը ոչ միայն Մեսսին է, այլ նաեւ խմբային բարձր կորովը եւ պայքարի ոգին:

Անգլիա անգամ մը եւս ձախողեցաւ Արժանթինի դէմ, 1986-էն եւ 1998-էն ետք, եւ համակիրներուն մօտ ձեւով մը յուսախաբութիւն մըն էր, ինչպէս պատահած էր 1986-ի Մարատոնայի ձեռքով կոլին եւ 1998-ին փենալթիներով պարտութեան ժամանակ, երբ Տէյվիտ Պեքհամ կարմիր քարտ ստացած էր: Այս անգամ անարդարութիւն չկար, եւ պարզապէս Անգլիա նախընտրած էր 1-0 ըլլալէ ետք միայն պաշտպանուիլ, հակառակ անոր որ ազդարարութիւններ տրուեցան, երբ Արժանթին երկու անգամ ցնցեց Անգլիոյ բերդը` գնդակը հասցնելով սիւնին, Ալեքսիս Մաքալիսթըրի միջոցով:

Այս ձեւով Եւրոպայի ախոյեան Սպանիա եւ աշխարհի ախոյեան Արժանթին պիտի մրցին կիրակի գիշեր Նիւ Ճըրզիի «Մեթլայֆ» մարզադաշտին վրայ, 2026-ի Մոնտիալի ախոյեանութեան համար:

Շաբաթ կէս գիշերին (ժամը 12:00-ին) Անգլիա պիտի մրցի Ֆրանսայի դէմ, Մայեմիի «Հարտ Ռոք» մարզադաշտին վրայ, 3-րդ դիրքի մրցումին:

Leave a Comment