«Ռաֆ 11»-ի մրցաշարքին Արման Ծառուկեանի եւ Քոլպի Քովինկթընի միջեւ ազատ ոճի ըմբշամարտի գօտեմարտը տիտղոսային կարգավիճակ ստացաւ: Մարզիկները կը մրցին ծանր կշիռին մօտ «Քրուզըրուէյթ» կշիռի պատմութեան առաջին «Ռաֆ Քրոս-օվըր» ախոյեանութեան տիտղոսին համար:
Գօտեմարտը տեղի պիտի ունենայ 19 յուլիսին Միլուոքիի մէջ: Ծառուկեան մենամարտին կը մօտենայ «Ռաֆ»-ի 7 յաղթանակով (առանց պարտութեան), մինչ Քովինկթըն 3 յաղթանակ արձանագրած է առանց ոչ մէկ պարտութեան:
«Ռաֆ»-ի ղեկավարութիւնը յայտարարած է նոր ախոյեանական գօտիի ստեղծման մասին, որ նախատեսուած է տարբեր մարտարուեստներ ներկայացնող մարզիկներու միջեւ դիմակայութեան համար:
Նոյն մրցաշարքին ծիրին մէջ, Արսէն Յարութիւնեան «Ռաֆ»-ի գծով իր երկրորդ ելոյթը պիտի ունենայ արհեստավարժ լիկային մէջ:
4 անգամ Եւրոպայի ախոյեան Յարութիւնեան պիտի մրցի ամերիկացի Պէն Տավինոյի դէմ: Ասիկա Տավինոյի առաջին մենամարտն է այս մրցաշարքին մէջ, եւ ճակատումը տեղի պիտի ունենայ 61 քկ կշիռի կարգի մրցումներուն շրջագիծին մէջ:
Յարութիւնեան իր առաջին մրցումին (14 յունիսին) 14-4 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր Քէյլըպ Սմիթը: