Այս տարուան յունուար-յունիս ամիսներուն Ազրպէյճանէն Հայաստան արտահանուած է 17 միլիոն 128 հազար տոլարի արտադրանք:
Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը, վկայակոչելով Պետական մաքսային կոմիտէն, յայտնած է, որ այս ցուցանիշը կազմած է Ազրպէյճանի ընդհանուր արտահանման ծաւալին 0,10 առ հարիւրը:
Ընդհանուր առմամբ, 2026-ի յունուար-յունիս ամիսներուն Ազրպէյճանի արտաքին առեւտրաշրջանառութիւնը կազմած է 24 միլիառ 661 միլիոն տոլար:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անցեալ տարի յոյս յայտնած էր, որ Ազրպէյճան եւս Հայաստանէն ապրանքներ կը ներածէ: Ան կառավարութեան անցեալ տարուան 25 դեկտեմբերի նիստին յաջորդած զրոյցի ընթացքին նշած էր. «Ես յոյս ունիմ, որ յառաջիկային Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ երկկողմանի առեւտուրի երեւոյթներ կ՛ըլլան: Հիմա Ազրպէյճանէն Հայաստան ներմուծում կայ, յոյս ունիմ` Հայաստանէն ալ Ազրպէյճան արտահանում կ՛ըլլայ»: Սակայն հակառակ Փաշինեանի այս առաջարկին` Հայաստանէն Ազրպէյճան տակաւին ոչինչ արտահանուած է: