Զախարովա. «Մոսկուան Կը Սպասէ, Որ Երեւանն Ու Պաքուն «3+3» Հարթակի Յաջորդ Հանդիպման Վայրին Շուրջ Համաձայնին»

Մոսկուան կը սպասէ, որ Երեւանն ու Պաքուն «3+3» հարթակի մասնակից երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու յաջորդ հանդիպման վայրին շուրջ համաձայնին: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յիշեցուցած է, որ համապատասխան համաձայնութիւնը ձեռք բերուած է Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած նիստին հիմամբ:

«3+3» հարթակի առաջին փորձագիտական նստաշրջանին, որ տեղի ունեցած է 5 յունիսին Փեթերսպուրկեան խորհրդաժողովի ծիրին մէջ, մասնակիցները աշխուժօրէն արտայայտուած են առանց քաղաքականացման որոշ փոխշահաւէտ տնտեսական նախագիծերու վրայ կեդրոնանալու մասին: Այդ մօտեցման ամբողջովին համամիտ ենք», նշած է ան:

Leave a Comment