Ռուսիոյ խորհրդարանի` Տումայի միջազգային յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Լէոնիտ Սլութսքի յայտնեց, որ Եւրոպական Միութիւնը Ուքրանիոյ զէնք մատակարարելու ճամբով աշխատանք կը տանի համաշխարհային երրորդ պատերազմ յառաջացնելու:
«Հարցը այլեւս պարզապէս անուղղակի պատերազմ կամ պատերազմի կուսակցութեան յառաջացման մասին չէ: Իրողութեան մէջ, կը խօսուի եւրոպական ռազմարդիւնաբերութեան ուքրանական վարչակարգին կողքին հակամարտութեան մէջ ամբողջական ներգրաւուածութեան մասին, եւ «համատեղ արտադրութիւն»-ը միայն քող է: Անխուսափելի է, Ֆոն տեր Լեյենը, Մաքրոնը, Մերցն ու Սթարմըրը համաշխարհային Գ. պատերազմ ծագեցուցած ըլլալու խարանը պիտի կրեն», ըսաւ ռուս երեսփոխանը:
Սլութսքի նշեց, որ պատահական չէր, որ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի Ֆոն տեր Լեյենը պարգեւատրեց «Եւրոպա» շքանշանով` «տեղական շքանշան մը, որ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահի Քիեւ ժամանման առիթով ճիշդ այսօր ստեղծուեցաւ»:
«Նպատակը, ինչպէս Զելենսքի ինք յայտարարեց, Ուքրանիոյ Եւրոպական Միութեան լիիրաւ անդամակցութեան ուղղութեամբ ռազմավարական հոլովոյթի աջակցութեան մէջ իւրայատուկ անձնական ձեռքբերումներու դիմաց շքանշաններ տրամադրելն է», ըսաւ ան, սակայն Սլութսքի այն կարծիքը ունի, որ իսկական նպատակը «եւրոպական ցամաքամասին վրայ ուքրանական նացիականութիւնը վերակենդանացնելու հաշուոյն եւրոպացիներու շահերուն դաւաճանելն է»:
«Իսկ Ուրսուլա ֆոն տեր Լեյենը Եւրոպայի գումարներն ու զէնքերը փոխանակեց Զելենսքիէն շքանշանով մը: Ան չափազանց ուրախ է իր առաւելագոյն ջանքը թափելով, որովհետեւ աշխարհը աւելի յամառութեամբ դէպի համապարփակ պատերազմ կը մղէ», աւելցուց ռուս երեսփոխանը: