«Էն. Պի. Էյ.» Ռեքս Քալամեան Շիքակօ Պուլզի Հետ

Հայաստանի պասքեթպոլի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Ռեքս Քալամեան միացաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի Շիքակօ Պուլզ ակումբի մարզիչներու կազմին` իբրեւ օգնական մարզիչ:

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մէջ 34 տարուան փորձառութիւն ունեցող մասնագէտը նոր տարեշրջանին պիտի աշխատի «Էն. Պի. Էյ.»-ի ամէնէն յայտնի ակումբներէն մէկուն հետ` շարունակելով նաեւ գլխաւորել Հայաստանի ազգային հաւաքականը:

Քալամեան իր ասպարէզին ընթացքին աշխատած է Լոս Անճելըս Քլիփըրզի, Տենվըր Նակեթցի, Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզի, Սաքրամենթօ Քինկզի, Օքլահոմա Սիթի Թանտըրի, Թորոնթօ Ռեփթըրզի, Տիթրոյիթ Փիսթընզի եւ Միլուոքի Պաքսի հետ: Ան 2022-էն ի վեր կը գլխաւորէ Հայաստանի տղոց ազգային խումբը:

 

 

Leave a Comment