Սահմանային անվտանգութեան եւ մաքսային բոլոր գործառոյթները կը մնան Հայաստանի վերահսկողութեան տակ, ԹՐԻՓՓ երթուղիին մէջ ԵԱՏՄ-ի կարգաւորումների մասին «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի հարցումին ի պատասխան նշած Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն շատ հակիրճ պատասխանած են «Ազատութեան» հարցումներուն` միայն նշելով. «ԹՐԻՓՓ-ը կը պահպանէ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը եւ իրաւազօրութիւնը: Սահմանային անվտանգութեան եւ մաքսային բոլոր գործառոյթները կը մնան Հայաստանի վերահսկողութեան տակ, Հայաստանի իշխանութիւնները կ՛իրականացնեն վերահսկողութիւնը եւ կը կայացնեն առանցքային որոշումները»: