2026-ի Մոնտիալ. Այսօր` Ֆրանսա – Սպանիա

Այսօր տեղի պիտի ունենայ Մոնտիալի կիսաւարտականի առաջին ճակատումը, որուն ընթացքին Թեքսասի Արլինկթընի Էյ. Թի. Էնտ. Թի. սթատիումին մէջ երկու անգամ աշխարհի ախոյեան Ֆրանսա եւ մէկ անգամ աշխարհի ախոյեան Սպանիա պիտի մրցին աւարտականի տոմսի համար:

Թուղթի վրայ Ֆրանսա շատ աւելի հաճելի ֆութպոլ կը խաղայ, բայց ֆութպոլը դաշտին վրայ կը խաղցուի, եւ ամէն բան այդտեղ կը վճռուի: Առիթներ կրնան ստեղծուիլ, բայց այն խումբը, որ նուազագոյն սխալները կը կատարէ եւ առիթները կոլի կը վերածէ, ինք պիտի ըլլայ յաղթականը:

Աշխարհի նախկին ախոյեաններ հասած են կիսաւարտական, անոնք աշխարհի 4 լաւագոյն դասուած խումբերն են: Կոլ-սքորըրներու դասաւորման լաւագոյն 6 մարզիկներէն 5-ը իրար դէմ պիտի մրցին:

Վերջին անգամ 1990-ին 4 նախկին ախոյեաններ հասած էին կիսաւարտական, որմէ ետք միշտ ալ անակնկալներ պատահած էին: Այդ տարին ալ Անգլիա եւ Արժանթին հասած էին կիսաւարտական, բայց իրար չէին հանդիպած: Այդ տարին Արժանթին իբրեւ գործող ախոյեան մասնակցեցաւ Մոնտիալին, որովհետեւ 1986-ի աւարտականին յաղթած էր Գերմանիոյ, բայց 1990-ին Գերմանիա ինքն էր, որ յաղթեց (1-0):

Այս տարի ալ կրնայ պատահիլ, որ կրկնուի 2022-ի աւարտականը, եթէ անշուշտ Ֆրանսա եւ Արժանթին կարենան յաղթել յաջորդաբար Սպանիոյ եւ Անգլիոյ:

2024-ի Եւրոպայի ախոյեանութեան կիսաւարտականին Ֆրանսա եւ Սպանիա իրար դէմ մրցած էին, ուր Սպանիա 2-1 արդիւնքով յաղթած էր, մինչ 16 տարեկան Լամին Եամալ կոլ մըն ալ նշանակած էր` աւելի ուշ Եուրոն շահելով աւարտականին Անգլիոյ յաղթելէ ետք:

Այդ աւարտականին Քիլիան Էմպափէ քիթը կոտրած կը խաղար, մինչ Մայքըլ Օլիսէ եւ Տեզիրէ Տուէ տակաւին յայտնի աստղեր չէին:

Այժմ, 2 տարի ետք Ֆրանսա ամէնէն շատ ուշադրութիւն գրաւած կազմն է, որ ունի յարձակողական տաղանդներու հաւաքածոյ մը կոլ-սքորըր Քիլիան Էմպափէի հետ` Ֆրանսայի Ազգային օրուան` «Պասթիյ»-ի գրաւումի յիշատակին տեղի ունենալիք այս մրցումին:

Սպանիա այս Մոնտիալին իր լաւագոյն վիճակին մէջ չէ, ուր Եամալ վիրաւոր վիճակէն նոր ապաքինած է եւ խմբակից Նիքօ Ուիլիամս նոյն վիճակին մէջ վերջին երկու մրցումներուն փրկուեցաւ շնորհիւ Միքել Միրինոյի երկու կոլերուն (Փորթուգալի եւ Պելճիքայի դէմ) վերջին երկու հանգրուաններուն:

Երկու խումբերը քանի մը անգամ մրցած են Մոնտիալներու եւ Եուրոներու ընթացքին: Ֆրանսան 1984-ի Եուրոյի աւարտականին կրցած էր յաղթել Սպանիոյ:

2025-ի Ազգերու լիկայի աւարտականին Սպանիա 5-4 արդիւնքով կրցած էր յաղթել: Մրցումի առաջին 55 վայրկեաններուն 4-0 արդիւնքով յառաջանալէ ետք, Սպանիա արդէն գրեթէ ապահոված էր յաղթանակը Ֆրանսայի դէմ, որ վերջին 6 վայրկեաններուն 2 կոլ նշանակած էր:

 

Leave a Comment