2026-ի Մոնտիալ. Սպանիա, Անգլիա Եւ Արժանթին Հասան Կիսաւարտական

Մոնտիալի մրցումները հասած են իրենց վերջին հանգրուաններուն, եւ Ֆրանսայէն ետք Սպանիա, Անգլիա եւ Արժանթին հասան կիսաւարտական:

Սպանիա բաւական դժուար մրցումէ մը ետք կրցաւ օգտուիլ Պելճիքայի երկու բերդապահներէն ոչ շատ լաւ ձեւով զսպուած գնդակներէն` նշանակելով 2 կոլեր, մինչ Պելճիքա կրցած էր նեղի մատնել Սպանիան` կոլ մը նշանակելով Շարլ Տէ Քեթելարի միջոցով, որ գլխու հարուածով հաւասարութեան կոլը նշանակած էր 41-րդ վայրկեանին:

86-րդ վայրկեանին Միքել Մերինօ, որ անցեալ տարեշրջանին շատ կարեւոր կոլեր նշանակած էր Արսենալի հետ, դաշտ ներկայացաւ եւ Փորթուգալի մրցումին նման եղաւ Սպանիոյ «փրկիչ»-ը` նշանակելով Սպանիոյ յաղթանակի կոլը, օգտուելով բերդապահ Սեննէ Լամենսի ոչ լաւ ձեւով զսպած գնդակէն: Լամենս 71-րդ վայրկեանին փոխարինած էր Թիպօ Քուրթուան, որուն սրունքի մկանը կը ցաւէր:

Երէկ կէս գիշերին Նորվեկիոյ հեքիաթային Մոնտիալը վերջ գտաւ, երբ Անգլիայէն պարտութիւն կրեց 2-1 արդիւնքով:

Առաջին կիսախաղին Անգլիա կը տիրապետէր գնդակին, բայց լուրջ վտանգ չկար Նորվեկիոյ բերդին առջեւ:

36-րդ վայրկեանին Մարթին Օտեկաարտի փոխանցումէն ետք Անտրէաս Շյելտերուփ ձախ ոտքի անզսպելի հարուածով մը գրաւեց Ճորտըն Փիքֆորտի բերդը:

Հազիւ քանի մը վայրկեան ետք, Նորվեկիա առիթ մը եւս ունէր Սորլոթի միջոցով, բայց անոր ռմբային հարուածը անցաւ Անգլիոյ բերդէն քիչ մը բարձր:

Կիսախաղէն քիչ մը առաջ Անթոնի Կորտըն փոխանցեց Ճուտ Պելինկհամին, որ մարզիկ մը խաբելէ ետք նշանակեց Անգլիոյ հաւասարութեան կոլը:

Բ. կիսախաղին Նորվեկիա հազիւ 10 վայրկեաններ անցած, կրցաւ կոլ մը նշանակել, սակայն ՎԱՐ չվաւերացուց զայն` նկատելով, որ Էրլինկ Հաալանտ մրցակիցի մը հրած էր:

Անգլիա կը փորձէր առիթ ստեղծել, բայց Նորվեկիա աւելի վտանգաւոր էր: 76-րդ վայրկեանին Քրիսթոֆեր Այեր գլխու հարուած մը ունէր, զոր սակայն զսպեց Փիքֆորտի բերդին… ձողը:

Մրցումի 90 վայրկեանները աւարտեցան, եւ դիմուեցաւ երկարաձգման, ուր պատկերը կը նմանէր առաջին կիսախաղին, երբ Անգլիա կը տիրապետէր գնդակին, բայց Նորվեկիա առիթներ կը ստեղծէր բերդին վրայ:

Նորվեկիա երկարաձգումին առիթ չունեցաւ կոլ նշանակելու, մինչ Անգլիա շատ անգամներ վտանգեց Օրիան Նիլանտի բերդը, վերջինս իր կարելին ըրաւ պաշտպանուելու հարուածներէն:

Հազիւ 3 վայրկեան անցած, Ճուտ Պելինկհամ շատ արագ կրցաւ նշանակել կոլ մը:

9 վայրկեան ետք նորվեկիացի յետսապահ Օսքար Պոպի դէմ փենալթի մը սուլեց իրաւարարը, երբ ան գետին բերած էր Ճետ Սփենսը, սակայն ՎԱՐ-ը պահանջեց իրաւարարէն, որ վերատեսութեան ենթարկէ փենալթին: Վերստին դիտելէ ետք պատահածը, իրաւարարը չեղեալ նկատեց փենալթին:

110-րդ վայրկեանին Սփենսի եւ ապա Սաքայի հարուածները լաւ ձեւով զսպեց Նորվեկիոյ բերդապահը:

Այս ձեւով Նորվեկիոյ գեղեցիկ պատմութիւնը վերջ գտաւ, մինչ Անգլիա վերջին 7 փորձերուն միայն 2-րդ անգամ ըլլալով հասաւ կիսաւարտական: Պէտք է ըսել, որ Հաալանտի վիրաւորուիլն ալ մեծ դեր ունեցաւ, որ Նորվեկիա առիթ չստեղծէ երկարաձգման ընթացքին, մինչ Անգլիա աւելի առիթ ունեցաւ նոյնիսկ պաշտպաններով:

Քառորդ աւարտականի վերջին մրցումի (առաւօտեան ժամերուն) աշխարհի ախոյեան Արժանթին պէտք ունեցաւ երկարաձգման` դուրս ձգելու Զուիցերիան, որ 10 մարզիկներով խաղցաւ 72-րդ վայրկեանէն, երբ բաւական անարդար երկրորդ դեղին քարտ մը ստացաւ Պրիլ Էմպոլօ: Էմպոլօ սկզբունքով ֆաուլի ենթարկուած էր Փարետեսի կողմէ, բայց ՎԱՐ-ի սենեակէն իրաւարարին թելադրուեցաւ դիտել եղելութիւնը, ուր պարզուեցաւ, որ 50 տոկոս պայքար էր, բայց Էմպոլոյի թերեւս չափազանցութեան կամ ալ այլ հաշիւներով… երկրորդ դեղին քարտ մը «շնորհուեցաւ» անոր: Ան չկրցաւ զսպել իր արցունքները` վտարուելէ ետք:

Պէտք է ըսել, որ Զուիցերիա շատ լաւ կը պայքարէր` շնորհիւ իր լաւ կազմակերպուած խաղաձեւին, բայց չկրցաւ առիթ ստեղծել երկարաձգման ընթացքին, ուր Արժանթին Անգլիոյ նման կրցաւ առիթներ ստեղծել, իշխել եւ յաղթել մրցումին:

Մեսսիի քոռնըրէն ետք Ալեքսիս Մաքիսթեր գլխու հարուածով բացաւ մրցումին հաշիւը 10-րդ վայրկեանին: Բ. կիսախաղին Տան Էնտոյ նշանակեց Զուիցերիոյ հաւասարութեան կոլը, բայց 5 վայրկեան ետք Էմպոլոյի վտարումը բաւական վատ ազդեց Զուիցերիոյ վրայ, որ առաջին անգամ ըլլալով կը յուսար հասնիլ կիսաւարտական: Վերջին անգամ 1954-ին հասած էր քառորդ աւարտականին Զուիցերիա, որուն բերդապահը` Կրեկոր Քոպել, վարպետօրէն զսպեց Լիսանտրօ Մարթինեսի մկրատային հարուածը 98-րդ վայրկեանին, երկարաձգում պարտադրելով:

Պէտք է ըսել նաեւ, որ Արժանթինի բերդապահ Էմիլիանօ Մարթինես առնուազն 4 ոսկի առիթներ զսպած էր մրցումի 90 վայրկեաններուն:

112-րդ վայրկեանին գնդակը հասաւ Խուլիան Ալվարեսին, որ Զուիցերիոյ քառակուսիին անկիւնէն անզսպելի հարուածով մը նշանակեց գեղեցիկ կոլ մը:

Զուիցերիոյ համար շատ դժուար էր փոխադարձելը 10 մարզիկներով, եւ 120 վայրկեանները աւարտած էին, երբ Թիակօ Ալմատա սուրաց դաշտի կեդրոնէն եւ փորձեց նշանակել Քոպելի բերդին մէջ, բայց գնդակը դպնալէ ետք Քոպելի ոտքին հասաւ Լաութարօ Մարթինեսին, որ նշանակեց Արժանթինի 3-րդ կոլը:

Վաղը գիշեր (ժամը 22:00-ին) առաջին կիսաւարտականին, Ֆրանսա պիտի մրցի Սպանիոյ դէմ Թեքսասի Արլինկթըն դաշտին վրայ` 95 հազար հանդիսատեսներու առջեւ, մինչ երկրորդ կիսաւարտականին Անգլիա պիտի մրցի ախոյեան Արժանթինի դէմ, Աթլանթայի դաշտին վրայ, 71 հազար հանդիսատեսներու առջեւ:

Leave a Comment