Տարիներէ ի վեր նկատելի բան մը կայ. որքան ալ ֆութպոլի օրէնքները բարելաւուին կամ խստանան, արհեստը աւելի կարեւոր կը թուի ըլլալ, քան արուեստը:
Արուեստագէտ ֆութպոլիստներ շատ կային, անոնք դաշտին վրայ կը հմայէին համակիրները, եւ օրէն Պրազիլի նման խումբեր «հարուստ» էին այդ արուեստով, որ այժմ երկրորդ կարգի եղած է արհեստի ետին:
«Պիզնըս» (արհեստ) կոչուած բանը աւելի կը հետաքրքրէ կազմակերպիչ մարմինները, ինչպէս` ՖԻՖԱ-ն եւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն, եւ ամէնէն կարեւորը այն է, թէ որքա՛ն մուտք կրնայ բերել այդ խումբը կամ խումբին համակիրը:
Բազմիցս այս Մոնտիալին նկատեցինք, որ իրաւարարները կարծէք կը նախընտրեն «օգնել» հարաւամերիկեան խումբերու կամ այնպիսի խումբերու, որոնք ունին մեծ թիւով համակիրներ կամ աստղեր, որոնց համար մարդիկ քիլոմեթրներ կամ հազարաւոր տոլարներ պատրաստ են վճարելու` պարզապէս դիտելու համար անոնց խաղը:
Օգնելը անպայման չի նշանակեր, որ դիտումնաւոր սխալներ գործեն, այլ` օրինակ, երբ 50 տոկոս պայքար կայ գնդակին համար, նախընտրութիւն տրուի այս ինչ «աստղ»-ը ունեցող խումբին: Փենալթիներ, որոնք այդքան ալ ստոյգ չեն ըլլար, կամ` ինչպէս կ՛ըսենք, «կասկածելի» են, հաստատ փենալթի կը նկատեն օրուան իրաւարարը կամ ՎԱՐ-ի սենեակի իրաւարարները, մինչ եթէ այդ նոյն խումբին դէմ նոյն ձեւի օրէնքի խախտում տեղի ունենայ, նկատի չ՛առնուիր:
ՖԻՖԱ-ին «հաշուոյն» չի գար», երբ աշխարհի լաւագոյն ֆութպոլիստի խումբը կանուխէն լքէ մրցաշարքը, մինչ անոր համակիրները, որոնք պատրաստ են հազարաւոր տոլարներ թափելու` առնուազն աւարտական մրցումին ներկայ ըլլալու համար:
Այո՛, ատիկա շատ կարեւոր է: Աւարտական մրցումի սուղ տոմսերուն գինը նուազած է, մանաւանդ որ ՖԻՖԱ մտահոգ է, որ պարապ աթոռներ մնան այդ մրցումին: Տարիներ առաջ համակիրներ անպայման կ՛ուզէին ներկայ ըլլալ աւարտականին, ով որ ալ ըլլայ հասնող խումբը: Այժմ, ներկայ տագնապալի օրերուն, անշուշտ դժուար է 32 հազար ամ. տոլար վճարել դիտելու աւարտական մրցում մը, երբ անձը վստահ չէ, թէ իր նախընտրած խումբը պիտի հասնի՞:
ՖԻՖԱ-ն խուճապի մատնուած է եւ վերատեսութեան ենթարկած է գիները` նկատի ունենալով, որ քառորդ աւարտականի Սպանիա – Պելճիքա մրցումին, օրինակ` Ինկըլվուտի (Քալիֆորնիա) «Սոֆայ սթատիում»-ին մէջ նկատելի էին պարապ աթոռները:
Վստահաբար համակիրները պիտի հասկնան, որ իրաւարարներ նոյնիսկ ներքին ախոյեանութեան մրցումներու ինչո՛ւ աւելի «աչք» կը խփեն մեծ խումբերուն… ֆութպոլը այլեւս արուեստէ աւելի արհեստ եւ վաճառականութիւն եղած է:
