Անցեալ տարուան աւարտական մրցումին հասած խումբեր` ախոյեան Ռիատի եւ փոխախոյեան Սաժես, շաբաթավերջին սկսան կիսաւարտականի իրենց ճակատումները:
Ռիատի, որ կը մրցէր 4-րդ դիրքը գրաւած Անթունիէի դէմ, լաւ ձեւով սկսելէ ետք մրցումը 4-րդ եւ վերջին մասին միայն 14 կէտեր նշանակեց եւ 72-76 արդիւնքով պարտուեցաւ:
Կիսախաղին 40-28 արդիւնքով յառաջանալէ ետք, Ռիատի 32 կէտեր կրցաւ նշանակել Անթունիէի 48 կէտերուն դիմաց:
Տոմինիք Արթիս (18 կէտ) եւ Մարք Խուրի (18 կէտ) եղան Անթունիէի լաւագոյն մարզիկները, մինչ Ռիատիի լաւագոյն մարզիկն էր Ուաէլ Արաքժի, որ իր կարգին 18 կէտեր նշանակեց:
Վստահաբար ախոյեան Ռիատիէն կը սպասուի յաղթանակ մը երկրորդ մրցումին:
Սաժես իր դաշտին վրայ ետ մնալէ ետք Սանթրալի դէմ կիսախաղին (45-44), կրցաւ 3-րդ մասին զսպէլ Սանթրալի յարձակումները, մինչ վերջինիս լաւագոյն մարզիկներէն Անյորի Քասթիյօ վիրաւորուեցաւ 4-րդ մասին` իր խումբին յոյսերը նուազեցնելով, իսկ միւս օտարներէն Ապտուլայ Կէյէ իր կարգին վիրաւորուեցաւ վերջին վայրկեաններուն:
Տեշոնտրի Ուաշինկթըն անգամ մը եւս փաստեց, թէ Լիբանանի լաւագոյն օտար մարզիկներէն մէկն է` նշանակելով 31 կէտ, 16 ռիպաունտ եւ կատարելով 4 պլոք, 7 էսիսթի կողքին: