Դատարանը նախանցեալ օր ընդդիմադիր «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքի ղեկավար Սամուէլ Կարապետեանի տնային կալանքը երկարաձգեց եւս 2 ամիսով:
Դատական նիստի սկիզբը մեղադրող կողմը 3 ամսուան տնային կալանքի միջնորդութիւն ներկայացուցած էր:
Միլիառատէր գործարարը կը մեղադրուի իշխանութեան զաւթման կոչի, դրամի լուացման, հարկերէ խուսափելու եւ խարդախութեան յօդուածներով: Ան մեղադրանքը քաղաքական կը նկատէ: