Հեծելարշաւ. Ժորժ Էսքանտար, Խալիլ Ասմար, Պշարա Հաժ Եւ Թամարա Զէյն Ախոյեաններ

Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը անցեալ շաբաթավերջին կազմակերպեց Լիբանանի ճամբու հեծելարշաւի ախոյեանութիւնը, Զաարուր շրջանին մէջ, որ տեղի ունեցաւ ծովու մակերեսէն 2 հազար մեթր բարձրութեան վրայ, փակ շրջավազքի մէջ:

Ախոյեանութեան մրցումը սկսաւ մասնակցութեամբ աւելի քան 62 մարզիկներու, որոնք Զաարուրի մայրուղիէն ուղղուեցան մինչեւ Պասքինթա:

Ֆետերասիոնին մաս կազմող ակումբներու կողքին մասնակցեցան նաեւ լիբանանեան բանակի եւ Ներքին ապահովութեան ուժերու մարզիկներ: Ինչպէս միշտ, մրցումը տեղի ունեցաւ Մասթըրզ, Էլիթ, աղջկանց եւ երիտասարդներու բաժանմունքներով:

Էլիթի մարզիկները 130 քմ վարեցին իրենց հեծիկները, մինչ մնացեալ երեք կարգերը` 85,5 քմ:

Էլիթի ախոյեան դարձաւ ՀՄԸՄ Պէյրութի մարզիկ Խալիլ Ասմար, որ 130 քմ-ը կատարեց 3 ժամ 44 վայրկեան եւ 6 երկվայրկեանի ընթացքին: Բ. դիրքը գրաւեց իր խմբակից Ապտել Ազիզ Մանեհ, մինչ Ալէյի հեծելարշաւի ակումբի մարզիկ Մարք Քալլաս գրաւեց 3-րդ դիրքը:

Խմբային դասաւորման մէջ ՀՄԸՄ Պէյրութ դարձաւ ախոյեան 49 կէտերով, մինչ Լիբանանեան բանակի խումբը գրաւեց Բ. դիրքը` 17 կէտերով:

Մասթըրզի մրցումներուն առաջին դիրքը գրաւեց Ժորժ Էսքանտար (Ներքին ապահովութեան ուժեր)` իր ետին ձգելով Պասսամ Տըննաուին (Ղազալ ակումբ, Թրիփոլի) եւ Ֆատի Միրը (Ռայզ Էնտ Ռէյզ): ՀՄԸՄ Այնճարի մարզիկ Յակոբ Քէշիշեան գրաւեց 4-րդ դիրքը:

Աղջկանց մրցումներուն, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մարզիկ Թամարա Զէյն գրաւեց առաջին դիրքը` 1 վայրկեանէն աւելի առաւելութիւն ունենալով Բ. դիրքը գրաւող Ռամոնա Խալիֆէին վրայ, մինչ Քլէա Արապաղեան (Ռայզ Էնտ Ռէյզ) գրաւեց 3-րդ դիրքը:

Երիտասարդներու մրցումներուն, ՀՄԸՄ Անթիլիասի մարզիկ Պշարա Հաժ գրաւեց առաջին դիրքը` 15 վայրկեանի առաւելութիւն ունենալով Ռուբէն Թէնքերեանի վրայ (Ռայզ Էնտ Ռէյզ), մինչ Ահմետ Մաշմուշի (Ռայզ Էնտ Ռէյզ) գրաւեց 3-րդ դիրքը:

 

Leave a Comment