Այսօր գիշեր ժամը 21:30-ին կը շարունակուի Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութիւնը, ուր կը սկսին կիսաւարտականի մրցումները:
Վերջին տարիներու ախոյեան Ռիատի պիտի հիւրընկալէ Անթունիէն, որ բնական ախոյեանութեան 4-րդ դիրքը գրաւած էր:
Ռիատի բնականաբար թիւ 1 թեկնածուն է անգամ մը եւս ախոյեան դառնալու, մինչ Անթունիէ պիտի փորձէ իր լաւագոյնը ընել` առնուազն մրցում մը յաղթելով իր դաշտին վրայ:
Ռիատի երկու մրցումներ կատարեց իր սերպ սենթըր Տուշան Միլեթիչի հետ, որ 215 սմ հասակով լաւ մարզիկ մըն է, որ արդէն իսկ բարձրահասակ խումբով մը ունի Քուաթ Նոյ, Մարքուս Ճորճ Հանթ, ինչպէս նաեւ Ուաէլ Արաքժի, որ տակաւին չէ ապաքինած լաւապէս, Հայկ Կէօքճեան, Ալի Մանսուր, Ամիր Սէուտ, Քարիմ Զէյնուն, Իսմայէլ Ահմետ, Պիլալ Թապպարա եւ Եուսեֆ Ղանթուս:
Անթունիէ հաւասարակշռուած խումբ մըն է եւ ունի Ճասթըն Փեթըն, Տոմինիք Արթիս, Ճերըթ Կոտֆրի, ինչպէս նաեւ լիբանանցիներ Մարք Խուրի, որ անմոռանալի տարեշրջան մը կը բոլորէ, Էլի Շամուն, Միկել Մարթինես, Փաթրիք Պու Ապպուտ, Ղասսան Ապու Թաքքա Անթոնի Ասսի, Ռայան Խուրի եւ վեթերան Էլի Ռոսթոմ:
Վաղը, Սաժես պիտի հիւրընկալէ Սանթրալը (Մարքազիէ Ճիւնի), եւ քանի մը օր առաջ իր 3 օտարներու կողքին ձեռք ձգեց նաեւ նոր օտար սենթըր մը` Թիրել Հերիսընը, որ իր կարգին բաւական բարձրահասակ է (213 սմ) եւ Նոր Զելանտայի ազգային խումբին մաս կը կազմէ:
Ան պիտի միանայ Տեշոնտրէ Ուաշինկթընի, Սեքու Տումպայայի եւ Սիմիսոլա Շիթուի, Շիթու սենթըր է, ունի 208 սմ հասակ, եւ վստահաբար այս կիսաւարտականի ճակատումներուն պիտի ընտրէ Շիթու-Հերիսըն զոյգէն աւելի լաւը:
Սաժես իր կարգին Ռիատիի նման մեծ թիւով լաւ մարզիկներ ունի եւ օտարներու կողքին ունի Եուսեֆ Խայյաթը, Ալի Մըզհերը, Ժերար Հատիտեանը, Մարք Խուէյրին, Ժատ Խալիլը, Ռուտի Հաժ Մուսան եւ Էլի Ղալեպը:
Սանթրալ, Անյուրի Քասթիյյոյի, Ապտուլայ Կէյի եւ Տէյվոնթէ Ռայսի կողքին ունի երիտասարդ, բայց լաւ տարրեր, ինչպէս` Ժիհատ Խաթիպ, Լուքաս Սալեհ, Մաթիու Խուրի, Էլիօ Սաատ, Անթոնի Նապաա, Ղասսան Սալեմ եւ Էլիօ Ղոսըն, բայց Անթունիէի նման պիտի փորձէ առնուազն մրցում մը շահիլ Սաժեսի դէմ: