Յառաջիկայ հինգշաբթի օր ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ ամիսներու դադարէ ետք պիտի կատարէ Գ. դասակարգի գծով իր 11-րդ մրցումը` մրցելով Հարաքեթ Շապապի դէմ:
Խումբը գրեթէ իր բոլոր մարզիկներով փորձերուն կը հետեւի, բայց վստահաբար մօտ 5 ամսուան դադարը շատ ծանր պիտի ազդէր յետպատերազմեան ախոյեանութեան վրայ, ուր մնացած են 4 հանգրուաններ:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 5-րդ դիրքը կը գրաւէ` 2 կէտով ետ մնալով 3-րդ դիրքին վրայ գտնուող Ժալիլ Քանայէն, մինչ Ղատ Աֆտալ (23 կէտ) եւ Իժթիմահի (22 կէտ) կը գրաւեն առաջին երկու դիրքերը:
Ստորեւ մնացեալ 4 հանգրուաններու ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մրցումներուն յայտագիրը.
Հինգշաբթի, 16 յուլիսին
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Հարաքեթ Շապապ (Սաֆայի դաշտին վրայ)
Երկուշաբթի, 20 յուլիսին
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ղատ Աֆտալ (Պհամտունի դաշտին վրայ)
Ուրբաթ, 24 յուլիսին
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ահլի Սայտա (Սաֆայի դաշտին վրայ)
Երեքշաբթի, 28 յուլիսին
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Հորր Ամելի (Սաֆայի դաշտին վրայ)
Նշենք, որ առաջին երկու մրցումները տեղի պիտի ունենան ժամը 17:00-ին, իսկ վերջին երկու մրցումները` ժամը 16:00-ին: