Նշմար. Կամքի Եւ Նուիրումի Օրինակը

ԿԱՐՕ Կ.

Բազմաթիւ փոքրեր կամ պատանիներ իրենց կանուխ տարիքէն երազ կ՛ունենան մարզիկ դառնալու, մասնաւորապէս` ֆութպոլիստ դառնալու:

Շատեր իրենց կեանքին ընթացքին կը «շեղին» այդ ճամբէն, իսկ ուրիշներ մասամբ կը հասնին որոշ մակարդակի, բայց կեանքի վայելքներն ու «փառքերը» անոնց ճամբան կը կարճցնեն:

Հազուադէպ կ՛ըլլան պատանիներ, որոնք շատ թշուառ մանկութիւն կ՛ունենան եւ իրենց զօրաւոր կամքին ու նուիրումին շնորհիւ գիշեր ցերեկ կ՛աշխատին հասնելու իրենց նպատակին:

Այդ անձերէն մէկն է փորթուգալցի Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, որ քանի մը օր առաջ կատարեց Մոնտիալի իր վերջին մրցումը, 41 տարեկանին:

41 տարեկան է, բայց տակաւին 90 վայրկեան կը վազէ, վստահաբար նոյն ճկունութիւնը չունի այլեւս, բայց աշխատասէր Ռոնալտոն է:

Ռոնալտօ, որ 6-րդ դասարանէն լքած էր դպրոցը` կեդրոնանալու ֆութպոլին վրայ, իր գինեմոլ հօր վիճակը տեսնելով բնաւ մտածած չէ ոգելից ըմպելի փորձելու մասին նոյնիսկ եւ միայն ջուր խմած է:

1997-ին միանալէ ետք Սփորթինկ Լիզպոնի պատանիներու խումբին, ան ուշադրութիւնը գրաւած է հիմնական կազմի մարզիչ Լասլօ Պոլոնիի, որ 17 տարեկանին զինք նկատի առաւ հիմնական կազմէն: Տարի մը ետք անգլիական խումբեր ուզեցին ձեռք բերել զինք, ուր Լիվըրփուլ, Արսենալ եւ Պարսելոնա կապ պահեցին իրեն հետ: Ալեքս Ֆերկուսըն ամէնէն առաջ շարժեցաւ, մանաւանդ որ Սփորթինկ Լիզպոն Մանչեսթըր Եունայթըտին յաղթած էր շաբաթ մը առաջ:

Եունայթըտի մէջ Ռոնալտօ փորձառութիւն շահեցաւ, ինչպէս նաեւ ամէն օր նոր բան մը սորվելով յառաջդիմեց: Աւելի ուշ ան միացաւ ՌԷալ Մատրիտին, Եուվենթուսին, վերադարձաւ Եունայթըտ եւ այժմ կը խաղայ Նասրի հետ (Սէուտական Արաբիա), ուր մրցանիշներ ձեռք կը ձգէ` նոյն պահուն օգնելով բազմաթիւ կարիքաւոր դպրոցականներու, համալսարանականներու եւ աղքատներու, որպէսզի հասնին իրենց նպատակներուն:

Մէկ խօսքով` իր տիպար մարզիկի վիճակով, կեանքով եւ ասպարէզով ան ամէն ինչ ձեռք ձգեց, եւ վստահաբար եթէ Փորթուգալէն անկախ որեւէ աւելի զօրաւոր երկրի քաղաքացի ըլլար, Մոնտիալն ալ կը շահէր:

 

 

Leave a Comment