Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահեր յայտարարեց, թէ Լիբանանի հետ բանակցութիւններու յաջորդ փուլը պիտի գումարուի յառաջիկայ շաբաթ Հռոմի մէջ:
Սահեր իր գերմանացի պաշտօնակից Եոհան Վատեֆուլի հետ Երուսաղէմի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նշեց. «Նուազ քան երկու շաբաթ առաջ, Իսրայէլը, Լիբանանն ու Միացեալ Նահանգները շրջագծային պատմական համաձայնութիւն գոյացուցին, եւ որոշուած է այս բանակցութիւնները յառաջիկայ շաբաթ շարունակել Հռոմի, Իտալիոյ մէջ»:
Նախքան այդ, Միացեալ Նահանգներու մէջ Իսրայէլի դեսպան Եխիէլ Լէյթեր յայտարարած էր. «Լիբանան-Իսրայէլ բանակցութիւններու յաջորդ փուլը պիտի գումարուի 14 եւ 15 յուլիսին, Հռոմի մէջ»:
Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Անթոնի Թայանի ողջունեց Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ բանակցութիւններու յաջորդ փուլի Հռոմի մէջ գումարման յայտարարութիւնը` նշելով. «Հռոմը խաղաղութեան եւ երկխօսութեան հանդիպման վայր է»: