Թրամփ. «Քանի Մը Օր Ետք Կրնամ Նեթանիահուի Հետ Հանդիպիլ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Աքսիոս» կայքին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իրմէ խնդրած է Սպիտակ տան մէջ կայացնել ժողով մը, որ կրնայ գումարուիլ քանի մը օր ետք` Թուրքիոյ մէջ ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովէն ետք:

Թրամփ ամերիկեան կայքին ըսաւ. «Նեթանիահուի հետ յարաբերութիւնս շատ լաւ է, եւ ան գիտէ, թէ ո՛վ է ղեկավարը»:

Իսրայէլեան աղբիւրներ իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթին յայտնեցին. «Կասկածելի է, որ Թրամփի եւ Նեթանիահուի միջեւ ժողովը յառաջիկայ շաբաթ գումարուի»:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց իր ամերիկացի պաշտօնակից Փիթ Հեկսեթն ու ամերիկացի ժողովուրդը Միացեալ Նահանգներու անկախութեան 250-ամեակին առիթով շնորհաւորելով յայտնեց. «Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ամուր դաշինքը երբեւէ այսքան ուժեղ չէ եղած»:

«Միասնաբար ներկայիս աւելի ապահով ու աւելի լաւ արեւելք մը կը կառուցենք, մինչ ազատութիւնը կը պաշտպանենք եւ ահաբեկչութեան ուժերը պարտութեան կը մատնենք», ըսաւ ան:

«Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Իսրայէլի երբեւէ ունեցած մեծագոյն բարեկամներէն մէկն է, եւ անոր ղեկավարութեան տակ մեր ռազմավարական գործընկերութիւնը աննախադէպ մակարդակներու հասաւ», նշեց Քաց:

Նեթանիահու. «Թրամփ Ինձմէ Լիբանանի Մէջ Փապուղիներուն Դէմ Չգործել Չպահանջեց»

Աղբիւրներ իսրայէլեան պատկերասփիւռի 15-րդ կայանին յայտնեցին. «Նեթանիահու նախագահ Թրամփի խնդրանքով պահանջեց հարաւային Լիբանանի Ալի Թահեր շրջանին մէջ գործողութիւնը յետաձգել»:

Աղբիւրներուն համաձայն, Թրամփ Նեթանիահուին կոչ ուղղած է` Լիբանանի կացութիւնը չպայթեցնելու, որպէսզի Իրանի հետ իր կատարած բանակցութիւնները չխանգարուին:

Ըստ իսրայէլեան պատկերասփիւռի 15-րդ կայանին, Թրամփ Ալի Թահերի բարձունքներուն վրայ գործողութիւն կատարելու Նեթանիահուի խնդրանքին պատասխանած է ըսելով. «Ձգէ՛ նախ եւ առաջ Իրանի հետ գործեմ, այդտեղ պայթումներով զիս մի՛ խանգարեր»:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երէկ աւելի ուշ յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ինձմէ Լիբանանի մէջ փապուղիներուն դէմ չգործել չպահանջեց, եւ մենք մեր նկատառումներուն համաձայն կը գործենք»:

Միւս կողմէ, ան նշեց, որ Համասի զինաթափումէն առաջ Կազայի մէջ վերաշինութիւն տեղի պիտի չունենայ:

 

Leave a Comment