Քրեմլին յայտարարեց, թէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ամերիկեան կողմի նախաձեռնութեամբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ ունեցած է Միացեալ Նահանգներու անկախութեան 250-ամեակին զուգադիպող հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որ տեւած է աւելի քան մէկ ժամ:
Ռուսիոյ նախագահի արտաքին հարցերով օգնական Եուրի Ուշաքով հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը որակեց «գործնական ու չափազանց կառուցողական»:
«Խօսակցութեան սկիզբը Փութին անձամբ իր պաշտօնակիցն ու ամերիկացի ժողովուրդը շնորհաւորեց Անկախութեան տօնին առիթով` մատնանշելով ամերիկեան պետութեան հաստատման մէջ Ռուսիոյ պատմական նպաստը», ըսաւ ան:
Ուշաքով յայտնած է, որ երկու նախագահները մանրամասնօրէն անդրադարձած են ուքրանական հարցի լուծման, մասնաւորաբար Թրամփի Անգարայի մէջ 7 եւ 8 յուլիսին նախատեսուած ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին մասնակցութեան լոյսին տակ:
Փութին մանրամասնօրէն ներկայացուցած է Ուքրանիոյ մէջ յառաջնագիծին վրայ տիրող իրողական կացութիւնը` ընդգծելով, որ ռուսական զինեալ ուժերը վստահութեամբ կը յառաջանան` մէկը միւսին ետեւէն գրաւելով գիւղերը, եւ Քիեւն ու Եւրոպական Միութիւնը ճակատին վրայ կացութիւնը սխալ կերպով կը ներկայացնեն:
«Փութին շեշտեց, որ Քոնսթանթինովքայի վրայ վերահսկողութեան հաստատումը Տոնեցքի ժողովրդային հանրապետութեան հողերու ամբողջական ազատագրման մէջ կարեւոր փուլ էր` ընդգծելով, որ ռուսական բանակը Տոնպասի մէջ ուքրանական զինեալ ուժերու մնացեալ բոլոր շրջանները պիտի գրաւէ, որքան ալ Քիեւի վարչակարգը անոնց կառչի», նշեց Ուշաքով:
Ան ըսաւ, թէ Թրամփ իր կարգին պատրաստակամութիւն յայտնած է մարտական գործողութիւններու կարելի եղածին չափ արագ դադրեցման եւ ուքրանական տագնապի յաղթահարման շուրջ խաղաղ լուծումներու քննարկման նպաստելու, ինչպէս նաեւ շեշտեց, որ պատերազմին վերջ տալը Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ տնտեսական գործակցութեան ընդարձակ կարելիութիւններու իրագործման համար հրատապ անհրաժեշտութիւն է:
Երկու նախագահները նաեւ անդրադարձած են Իրանի շուրջ տիրող կացութեան: Փութին յոյս յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ ստորագրուած փոխըմբռնման յուշագիրին հիմամբ ընթացող բանակցային հոլովոյթը կ՛արտօնէ գտնել երկու կողմերուն համար ընդունելի երկարատեւ լուծում մը: Ան ըսած է, թէ Ռուսիան պատրաստ է շրջանին մէջ մագլցումը թուլացնելու եւ կացութիւնը կայունացնելու ջանքերուն գործնական աջակցութիւն ցուցաբերելու:
Ուշաքով նշեց, որ Փութին եւ Թրամփ ընդգծած են երկկողմանի հաղորդակցութիւնները, ներառեալ քաղաքական, զինուորական եւ տնտեսական ոլորտներու մէջ հաղորդակցութիւնները շարունակելու կարեւորութիւնը:
Անոնք շեշտած են, որ երկու երկիրներուն միջեւ «փոխշահաւէտ գործակցութեան հսկայական հորիզոններ» երեւան կու գան: