Նախագահ Աուն. «Մեր Հոլովոյթը Իրան-Միացեալ Նահանգներ Հոլովոյթէն Անջատելու Մեր Գերիշխանական Որոշումը Խնդիր Է Ոմանց Համար»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն շեշտեց. «Շրջագծային բանաձեւը Լիբանանի մէջ իսրայէլեան բռնագրաւումի շարունակումը չ՛օրինականացներ, այլ կը նախատեսէ լիբանանեան բանակին կարելիութիւն տալ ընդլայնելու իր վերահսկողութիւնը լիբանանեան ամբողջ տարածքին վրայ»:

«Մեր հոլովոյթը Իրան-Միացեալ Նահանգներ հոլովոյթէն անջատելու մեր գերիշխանական որոշումը խնդիր է ոմանց համար, որոնք վարժուած են մեզի իշխող եւ մեր տեղ որոշում տուող հոգատարութեան տակ ըլլալու», նշեց նախագահը:

«Ուժը պատերազմ մղելու կամ անոր շարունակութիւնը ապահովելու մէջ չէ, այլ քաջութեան մէջ զայն աւարտելու բանակցութիւններու միջոցով, որոնք արիւնահեղութենէ զերծ ճակատամարտեր են», շեշտեց Աուն:

«Ոչ ոք բանակի դերը կասկածի տակ կ՛առնէ, եւ անիկա իսրայէլեան ուժերու հեռացումէն ետք հարաւային Լիբանանի մէջ անվտանգութեան ու կայունութեան հաստատման իր ամբողջական պատասխանատուութեան տէր է», ըսաւ ան:

Leave a Comment