Չիքլի. «Էրտողանի Ղեկավարութեամբ Թուրքիան Եւ Իսլամական Օրէնքի Ղեկավարութեամբ Սուրիան Ներկայիս Իրանէն Շատ Աւելի Մեծ Մտահոգութեան Աղբիւր Են»

Իսրայէլի սփիւռքի նախարար Ամիխայ Չիքլի նշեց, որ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ղեկավարութեամբ Թուրքիան եւ իսլամական օրէնքի ղեկավարութեամբ Սուրիան ներկայիս Իրանէն շատ աւելի մեծ մտահոգութեան աղբիւր են:

Նախարարը յայտնեց, որ իրանեան շիիական կայսրութեան ժամանակաշրջանը վերջ գտաւ, եւ չարիքի նոր առանցքը Թուրքիայէն Սուրիա եւ Քաթար երկարող Իսլամ եղբայրներու առանցքն է:

Չիքլի նախքան այդ «Էքս»-ի վրայ գրառում կատարելով նշած էր. «Այս է չարիքի նոր առանցքը` իրարու միացնելով մեր ժամանակներու ամէնէն վտանգաւոր կայսերապաշտական տեսլականները` Էրտողանի նոր-օսմանականութիւնը եւ խալիֆայութեան մը երազը, որ կը ջատագովուի Սուրիոյ մէջ Քայիտայի ղեկավարին եւ Քաթարի մէջ Իսլամ եղբայրներուն կողմէ:

«Ան, որ ասիկա չի տեսներ, թէ՛ արմատական իսլամութիւնը, թէ՛ Միջին Արեւելքի իսկական բնոյթը չի հասկնար»:

Leave a Comment