Քալիպաֆ. «Լիբանանի Բոլոր Բաղադրիչները Էտք Է Աշխատանք Տանին Փոխըմբռնման Յուշագիրին Մէջ Անոր Վերաբերող Յօդուածի Գործադրութեան Համար, Որովհետեւ Սադրանքները Կ՛արգիլէ»

Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆ յայտնեց, որ Իրան Միացեալ Նահանգներուն պիտի չարտօնէ Հորմուզի նեղուցին մէջ միջամտել` նշելով, որ Օմանի հետ նեղուցին մէջ նաւարկումի մեքանիզմին շուրջ համաձայնութիւնը հիմնուած է Միացեալ Նահանգներ-Իրան փոխըմբռնման յուշագիրի հինգերորդ կէտին վրայ:

Իրանի խորհրդարանի նախագահը ըսաւ, որ իր երկիրը յառաջ կ՛ընթանայ Հորմուզի մէջ նաւարկման մեքանիզմի գործադրութեան համար եւ շրջանային ջուրերուն եզերքին գտնուող պետութիւններուն հետ պիտի խորհրդակցի:

Ան աւելցուց, որ իսրայէլացիները աշխատանք կը տանին Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ փոխըմբռնման յուշագիրը ձախողութեան մատնելու:

Քալիպաֆ ըսաւ, որ շրջանին մէջ Իրանի զսպիչ կարողութիւնները Իսրայէլի կողմէ պատերազմի վերսկսումը պիտի արգիլեն:

Իրանի խորհրդարանի նախագահ Լիբանանի բոլոր բաղադրիչներուն կոչ ուղղեց գործադրելու Միացեալ Նահանգներ-Իրան փոխըմբռնման յուշագիրին մէջ անոր վերաբերող յօդուածը, որովհետեւ սադրանքները կ՛արգիլէ:

 

 

Leave a Comment