Վասիլեւ. «Մոսկուան Երեւանէն ՀԱՊԿ-ին Մասնակցութեան Վերաբերեալ Որոշումին Կը Սպասէ»

Ռուսական կողմը Երեւանէն ՀԱՊԿ-ին մասնակցութեան վերաբերեալ որոշումի որդեգրման կը սպասէ. կա՛մ անոնք կազմակերպութեան մէջ կը մնան, կա՛մ այլ բեմագրութիւն կը նախընտրեն: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին յայտնած է կազմակերպութեան մէջ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Վիքթոր Վասիլեւ:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ռուսական կողմը հայկական կողմէն ի՞նչ քայլեր կը սպասէ, ան նշած է.

«Որդեգրել որոշում. անոնք կը մնա՞ն կազմակերպութեան մէջ, թէ՞ այլ բեմագրութիւն կը նախընտրեն: Պէտք է մեզի այդ մասին յայտնեն», աւելցուցած է Վասիլեւ:

Leave a Comment