Կալուզին. «Ռուսիան Հետամուտ Պիտի Ըլլայ Անդրկովկասի Անվտանգութեան Եւ Կայունութեան Վերաբերեալ Միջազգային Քննարկումները Ժընեւէն Այլ Բանակցային Հարթակ Տեղափոխելուն»

Ռուսիան հետագային եւս հետամուտ պիտի ըլլայ Անդրկովկասի անվտանգութեան եւ կայունութեան վերաբերեալ միջազգային քննարկումները Ժընեւէն այլ բանակցային հարթակ տեղափոխելուն: Այս մասին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզին:

«Զուիցերիան հակառուսական պատժամիջոցներուն միանալէն ետք այլեւս չէզոք կողմ չի նկատուիր», ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը:

Ան նշած է, որ Ժընեւի մէջ բանակցութիւններ կատարելու լրացուցիչ խոչընդոտ է Մոսկուայի եւ զուիցերիական քաղաքին միջեւ ուղիղ օդային հաղորդակցութեան բացակայութիւնը, ինչ որ կը դժուարացնէ պատուիրակութիւններու աշխատանքը:

Անդրկովկասի անվտանգութեան եւ կայունութեան վերաբերեալ միջազգային քննարկումները Ժընեւի մէջ կ՛ընթանան 2008 թուականէն: Այդ քննարկումներուն կը մասնակցին Աբխազիոյ, Վրաստանի, Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Հարաւային Օսեթիոյ ներկայացուցիչները` ՄԱԿ-ի, Եւրոպական Միութեան եւ ԵԱՀԿ-ի յատուկ ներկայացուցիչներու միջնորդութեամբ:

Leave a Comment