Մինչ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն տեր Լեյենը վարչապետ Փաշինեանի հետ կառավարութեան մէջ ելոյթով հանդէս կու գար, «Հայաքուէ» եւ «Մայր Հայաստան» շարժումները իրենց բողոքի ձայնը բարձրացնելու համար երէկ կը փորձէին մօտենալ կառավարութեան շէնքին:
Ոստիկանական պատը, սակայն, փակած էր դէպի կառավարութեան շէնք ճանապարհը` յարակից լուսացոյցի մօտէն:
Բողոքի դուրս եկած ընդդիմադիրները «Հայ փոսթ»-ի շէնքին մօտէն` հայերէնով ու անգլերէնով իրենց խօսքը ուղղեցին Փաշինեանին ու Ֆոն տեր Լեյենին` պահանջելով «ազատ արձակել քաղաքական բանտարկեալները»:
«Մայր Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար Անդրանիկ Թեւանեանը, որ ընտրութիւններուն Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան նախընտրական ցուցակի երկրորդ համարն էր, կալանաւորուած է լրտեսութեան եւ պետական դաւաճանութեան յօդուածով:
«Հայաքուէի» ղեկավար Աւետիք Չալաբեանը կը մեղադրուի խումբ մը մարդոց ընտրելու իրաւունքը խոչընդոտելու նախապատրաստութեան յօդուածով, ան նոյնպէս կալանաւորուած է:
Երկուքին դատավարութիւնը տակաւին չէ սկսած: