Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն. «Ռան Տը Սիթի» Մրցումի Պատրաստութիւնները Աւարտեցան

Այս կիրակի տեղի պիտի ունենայ Պէյրութ Մարաթոն միութեան կազմակերպելիք «Ռան Տը Սիթի» մրցումը:

Պէյրութի կեդրոնին մէջ տեղի ունենալիք 10 քմ երկարող այս մրցումի պատրաստութիւնները արդէն իսկ աւարտած են, եւ միութիւնը լրագրողներու եւ մասնակիցներու թիւերը եւ քարտերը պատրաստած է:

«Նոք Նոք»-ի հովանաւորութեամբ այս մրցումը, որ աթլեթիզմի ֆետերասիոնի հովանիին տակ տեղի պիտի ունենայ այս կիրակի առաւօտեան, Նահատակաց հրապարակէն պիտի սկսի մինչեւ Մինաա Հուն շրջանը, «Մեթրոփոլ» ճաշարանին կից: Անոր կրնան մասնակցիլ 16 տարեկանէն սկսեալ:

Այս մրցումին ներկայ պիտի ըլլան աթլեթի ֆետերասիոնի իրաւարարները, ինչպէս նաեւ Կարմիր խաչի շտապ օգնութեան ներկայացուցիչները:

 

Leave a Comment