Պասքեթպոլ. Լիբանան – Հնդկաստան` 99-56

2027-ի Մոնտիալի զտումի մրցումներուն գծով, Լիբանանի պասքեթպոլի ազգային խումբը իր 4-րդ մրցումին 99-56 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց Հնդկաստանի դէմ:

Հակառակ մեծ թիւով վիրաւորներ ունենալուն, Լիբանան կրցաւ խմբային խաղով գերազանցել իր մրցակիցին: Ժիհատ Խաթիպ (16 կէտ), Հայկ Կէօքճեան (16 կէտ), Ամիր Սէուտ (11 կէտ), Քարիմ Զէյնուն (10 կէտ), Սերժիօ Տարուիշ (9 կէտ), Աթեր Մաժոք (8 կէտ), Ալի Մանսուր (7 կէտ), Մարք Խուրի (6 կէտ), Օմար Ժամալէտտին (6 կէտ), Ժերար Հատիտեան (5 կէտ), Ժատ Խալիլ (3 կէտ) եւ Ալի Մըզհեր (2 կէտ) նշանակեցին Լիբանանի կէտերը:

Լիբանանի յաջորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ վաղը` Սէուտական Արաբիոյ մէջ: Զտումի իր վերջին մրցումին Լիբանան պիտի մրցի Հնդկաստանի մէջ, այս վերջինիս դաշտին վրայ:

Լիբանան կը գրաւէ Ասիոյ Դ. խմբակի պարագլուխի դիրքը, բայց Սէուտական Արաբիա նոյնքան կէտեր ունի, եւ վաղուան մրցումը կրնայ վճռել խմբակի վճիռը, հակառակ անոր որ Քաթար 1 կէտով ետ կը մնայ միայն 3-րդ դիրքի վրայ:

Լիբանան այժմէն իսկ ապահովեց յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը եւ 2027-ին տեղի ունենալիք Քաթարի Մոնտիալին պիտի փորձէ հասնիլ 16-րդ դիրքէն աւելի լաւ արդիւնք արձանագրելու, զորս արձանագրած էր 2002-ին:

Leave a Comment