2026-ի Մոնտիալը շարունակուեցաւ, ուր արձանագրուեցաւ մինչեւ օրս ամէնէն մեծ անակնալը, երբ աշխարհի 41-րդ դիրքին վրայ գտնուող Փարակուէյ փենալթիներով դուրս ձգեց 4 անգամ աշխարհի ախոյեան Գերմանիան:
Ճիշդ է, որ Գերմանիա 75 տոկոս կը տիրապետէր ամբողջ 120 վայրկեաններ եւ 6 լուրջ առիթներ ստեղծած էր Փարակուէյի 3 առիթներուն դէմ, բայց ֆութպոլի մէջ տիրապետելու մրցանակ չկայ, եւ առիթները կոլի պէտք է վերածել, այլապէս անիմաստ են մնացեալ թիւերը:
42-րդ վայրկեանին պզտիկ սխալէ մը օգտուելով Սթրազպուրկի միջնապահ Խուլիօ Էնսիսօ գլխու հարուածով նշանակեց Փարակուէյի եւ մրցումին առաջին կոլը:
Գերմանիա 54-րդ վայրկեանին հաւասարեցաւ շնորհիւ Քայ Հավերցի կոլին, բայց արդիւնքը մնաց անփոփոխ մինչեւ 90-րդ վայրկեան: Երկարաձգման ընթացքին Փարակուէյ ոչ մէկ վտանգ ստեղծեց, մինչ Գերմանիա մեծ թիւով առիթներ կորսնցուց եւ 102-րդ վայրկեանին կոլ մըն ալ նշանակեց, որ սակայն ՎԱՐ-ը չվաւերացուց զայն` բերդապահին վրայ «կակուղ» ֆաուլէ մը ետք: Բազմաթիւ մասնագէտներ այդպէս կոչած էին Վալտլմար Անթոնի «շփումը» Փարակուէյի բերդապահ Օրլանտօ Ժիլի հետ: Բայց նկատի ունենալով այս Մոնտիալին անիրաւ մեծ թիւով որոշումները, շատ սպասելի էր, որ կոլը նկատի չառնուէր:
Արդիւնքը անփոփոխ մնալէ ետք, փենալթիներու դիմուեցաւ: Մրցումի հերոս Ժիլ 2 փենալթիներ զսպեց, մինչ 40 տարեկան Նոյըր միայն 1 անգամ կրցաւ զսպել փենալթի մը:
Այսպիսով, Գերմանիա Մոնտիալի պատմութեան ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով կորսնցուց վճռող փենալթիներու շարք մը, 6 յաղթանակներէ ետք:
Այս մրցումէն առաջ, 5 անգամ աշխարհի ախոյեան Պրազիլ 2-1 արդիւնքով եւ մեծ դժուարութեամբ կրցաւ կոլ նշանակել Ճափոնի դէմ եւ հասաւ 1/16 րդ աւարտական:
Ճափոն 29-րդ վայրկեանին բացաւ մրցումին հաշիւը` շնորհիւ Մայնցի միջնապահ Քայշու Սանոյի: Պրազիլ մեծ թիւերով կը յարձակէր, բայց չկրցաւ կոլ նշանակել առաջին կիսախաղին: 56-րդ վայրկեանին Քասեմիրօ գլխու հարուածով կրցաւ նշանակել «դեղիններուն» հաւասարութեան կոլը: Իտալացի մարզիչ Քարլօ Անչելոթթիի ցուցմունքներով դաշտ ներկայացաւ իտալացի-պրազիլցի Կապրիէլ Մարթինելլի, որ 95-րդ վայրկեանին նշանակեց Պրազիլի յաղթանակի կոլը:
Երէկ առաւօտեան ժամերուն, Նետերլանտներու խումբը, որ բաւական լաւ արդիւնքներ արձանագրած էր առաջին հանգրուանին, իր կարգին փենալթիներով դուրս մնաց Ափրիկէի «Աթլասի առիւծներ»-էն` Մարոքէն:
Մրցումը բաւական հետաքրքրական էր, ուր երկու խումբերը առիթներ ստեղծեցին, բայց Մարոք քիչ մը աւելի վտանգաւոր էր:
72-րդ վայրկեանին Քոտի Կաքփօ կրցաւ գրաւել Մարոքի բերդը, եւ ամէն ինչ լաւ կ՛ընթանար մինչեւ 91-րդ վայրկեան, երբ Մարոք ձեռք ձգեց հաւասարութեան կոլը` Իսա Տիոփի գլխու հարուածին շնորհիւ:
Երկարաձգման ընթացքին Սոֆիան Ռահիմի քիչ մնաց նշանակէր Մարոքի 2-րդ կոլը, բայց Պարթ Վիրպրիւկեն վարպետօրէն զսպեց զայն:
Մասնաւոր առիթ չեղաւ երկարաձգումին, որուն ընթացքին մասնաւորապէս Նետերլանտներ բնաւ լաւ վիճակի մէջ չէին:
Փենալթիներու դիմուեցաւ, ուր բաւական ձախող ձեւով հարուածուած 10 փենալթիներէն միայն 5-ը իրենց նպատակին հասան, եւ Մարոք հասաւ յաջորդ հանգրուան:
Այսօր Անգլիա ժամը 19:00-ին պիտի մրցի Քոնկոյի դէմ, ժամը 23:00-ին Պելճիքա` Սենեկալի դէմ, իսկ առաւօտեան ժամը 3:00-ին Միացեալ Նահանգներ` Պոսնիոյ դէմ: