Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի քաղաքացիներուն համար կարելիութիւն պիտի ստեղծուի գաղտնի տեղեկութիւն տրամադրելու անյայտ կորսուածներու եւ թաղման վայրերու մասին: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ այս մասին յայտնած է Ազրպէյճանի պետական անվտանգութեան ծառայութեան պետի տեղակալ Շարաֆաթ Հասանով` Անհետ կորսուած անձերու հարցերով միջազգային յանձնախումբին հետ համագործակցութեան ծիրին մէջ տեղի ունեցող «Անհետ կորսուած անձերու խնդիրի լուծման ժամանակակից մօտեցումները եւ համագործակցութեան ամրապնդումը» նիւթով միջազգային խորհրդաժողովի ընթացքին:
«Համակարգի ծիրին մէջ կարելիութիւն պիտի ստեղծուի Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի քաղաքացիներուն համար գաղտնի տեղեկութիւն տրամադրելու անհետ կորսուած անձերու, ինչպէս նաեւ թաղման վայրերու մասին:
«Տրամադրուած տեղեկութիւնները պիտի օգտագործուին բացառապէս մարդասիրական նպատակներով, իսկ տեղեկութիւն տրամադրող անձը որեւէ պարագայի պատասխանատուութիւն պիտի չկրէ: Այստեղ նպատակը անհետ կորսուած անձերու ճակատագիրի բացայայտման նպաստելն է», նշած է Հասանով: