«Ուժեղ Հայաստան»-ը Կը Սպասէ Սահմանադրական Դատարանի Որոշումին

«Ուժեղ Հայաստան» դաշինքը կը սպասէ 7 յունիսի խորհրդարանական ընտրութիւններուն վերաբերեալ Սահմանադրական դատարանի որոշումին, երէկ յայտարարեց ընդդիմադիր դաշինքի ղեկավար Սամուէլ Կարապետեան: «Յոյս ունինք, որ Բարձր դատարանը կա՛մ նոր ընտրութիւններ, կա՛մ ընտրութիւններու երկրորդ փուլ կայացնելու որոշում պիտի տայ», նշեց ան:

Սահմանադրական դատարանի որոշումէն ետք, ըստ Կարապետեանի, կը սպասուի ընդդիմութեան ղեկավարներու հանդիպում:

Սամուէլ Կարապետեան չհամաձայնեցաւ, թէ միայն «Հայաստան» դաշինքի ղեկավար, Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը ողջունած է համախմբման իր առաջարկը: Կարապետեան ըսաւ, թէ «շատ ուժեր» արձագանգած են, թէեւ այդ ուժերուն անունները չտուաւ:

Մինչեւ յուլիսի վերջ անոնք նաեւ որոշում պիտի տան` ստանձնէ՞ լիազօրագիրները, թէ՞ ոչ:

Սամուէլ Կարապետեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, որ իրենց աջակիցներուն 60 տոկոսը իրենց վերջին հանդիպման ընթացքին ըսած են, թէ կը ցանկայ, որ «Ուժեղ Հայաստան»-ը ստանձնէ լիազօրագիրները: Կարապետեան իբրեւ դաշինքի ղեկավար տակաւին վերջնական որոշում չունի:

Թէ ի՞նչ ժամկէտի մէջ ան կը ծրագրէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հեռացնել իշխանութենէն, Կարապետեան հրաժարեցաւ յստակօրէն նշել:

Leave a Comment