8 տարի ետք ՀՄԸՄ Անթիլիաս վերջապէս դարձաւ Լիբանանի ախոյեան` ուրախացնելով ՀՄԸՄ-ի բազմահազար համակիրները:
Աղջկանց ախոյեան խումբը տարեշրջանի սկիզբէն նպատակ ունէր ախոյեանութիւնը ձեռք ձգելու: Այդ նպատակը իրականացաւ Ռիատիին դէմ 5 հետաքրքրական ճակատումներէ ետք, եւ վերջինին` շաբաթ օր 16 կէտով ետ մնալէ ետք: ՀՄԸՄ Անթիլիաս կրցաւ հերոսական մրցում կատարել: Ան հազարաւոր համակիրներու քաջալերանքով եւ յետ երկարաձգման շահեցաւ ախոյեանութիւնը` 89-84 արդիւնքով:
***
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեանութեան աւարտական ճակատումներու 5-րդ եւ վերջին մրցումին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս վերջապէս կրցաւ յաղթել վերջին երկու տարիներու ախոյեան Ռիատիին, Մըզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ:
Զարմանալի բան պատահած էր այս տարեշրջանին, երբ ՀՄԸՄ Անթիլիաս միայն մէկ մրցում պարտուած էր բնական ախոյեանութեան, այդ ալ Ռիատիէն` իր դաշտին վրայ: Աւելի՛ն, մինչեւ աւարտականի ճակատումները անյաղթ մնացած ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ իր դաշտին վրայ խաղալու առաւելութիւն ունէր, իր երկու պարտութիւններն ալ կրեց Մըզհերի մէջ, 63-73 եւ 70-85 արդիւնքով, բայց կրցած էր յաղթել 2-րդ եւ 4-րդ ճակատումները` 63-86 եւ 76-95 արդիւնքով:
Վերադառնալով շաբաթ գիշերուան մրցումին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս բաւական լաւ ձեւով սկսաւ, բայց հետզհետէ Ռիատի ձեռք առաւ մրցումին ղեկը եւ առաջին մասէն առաջ 21-24 արդիւնքով յառաջացաւ:
Բ. մասին, հակառակ ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն քաջալերանքին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս միայն 11 կէտ կրցաւ նշանակել, եւ Ռիատի հեռացաւ 32-43 արդիւնքով:
Կիսախաղէն ետք պատկերը քիչ մը աւելի յստականալու սկսաւ, մանաւանդ որ Ռիատի կը յառաջանար, բայց ՀՄԸՄ Անթիլիասի ամերիկացի մարզիկ Ալեքսիս Փրինսը ֆաուլեր կը շահէր Մարիա Ղալեպէն, որ 4-րդ մասի վերջին վայրկեաններուն 5-րդ ֆաուլով լքեց մրցումը:
Երրորդ մասին ՀՄԸՄ Անթիլիաս պահ մը 16 կէտերով ետ մնաց (41-57): Բայց միշտ ալ կը փորձէր վերադառնալ:
4-րդ մասը սկսաւ, եւ ՀՄԸՄ ետ կը մնար 50-63 արդիւնքով, մինչ Փրինս 13 կէտեր նշանակած էր: Իր «հսկիչ»-ը` Ղալեպ 4-րդ ֆաուլը շատ արագ ըրաւ, եւ Փրինս մրցումը իր վրայ առնելով հետզհետէ մօտեցուց արդիւնքը:
Մրցումի աւարտէն 8 վայրկեան առաջ Ռիատի 15 կէտով կը յառաջանար (52-67), բայց ՀՄԸՄ կէտերու տարբերութիւնը 7-ի նուազեցուց (63-70) մինչեւ 5-րդ վայրկեան: Ռիատի 3 կէտնոց կողով նշանակեց, բայց ՀՄԸՄ Անթիլիաս չյանձնուեցաւ, տարբերութիւնը 3 կէտերու նուազեցաւ Փրինսի 3 կէտնոց կողովէն ետք, երբ 2 վայրկեան կար: Ռիատի անգամ մը եւս 5-ի բարձրացուց տարբերութիւնը, եւ Փրինս անգամ մը եւս 3 կէտնոց կողովով պատասխանեց (75-77) աւարտէն 58 երկվայրկեան առաջ: Ֆաուլ մը, եւ Փրինս 2 յաջող կողովներով 77-77-ի վրայ հաւասարեցուց արդիւնքը, երբ 30 երկվայրկեան կար: Ռիատիի օտարներէն Ճոնզ 79-ի բարձրացուց Ռիատիի արդիւնքը, բայց Փրինս անգամ մը եւս պատրաստ էր արդիւնքը հաւասարեցնելու աւարտէն 9 երկվայրկեան առաջ:
Արդիւնքը այդպէս ալ աւարտեցաւ եւ դիմուեցաւ երկարաձգման: ՀՄԸՄ կրցաւ 10 կէտեր նշանակել շնորհիւ Անիկուէի (6 կէտ), Ամար Մանսուրի եւ Ռիմ Ղալիի, որ նշանակեց ամէնէն «սուղ» կէտերը` արդիւնքը անհասանելի դարձնելով 89-84:
Ճիշդ է, որ մրցումի ընթացքին շատ կարեւոր է կէտեր նշանակելը, բայց շատ կարեւոր է նաեւ պաշտպանելը Ռիատիի նման խումբի մը դէմ, որ պէտք է ընդունիլ, որ 3 օտարներով կը խաղայ, մանաւանդ որ Լիբանանի լաւագոյն մարզիկ Ռեպեքա Աքըլ օտարի մակարդակ ունի:
Պաշտպանողական առումով մեծ դեր ունէին Կապի Սաատ, Ամար Մանսուր, Մեղրի Թորոսեան եւ Ռիմ Ղալի:
Փրինս 35 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, Քրիսթին Անիկուէ` 27 կէտ եւ 12 ռիպաունտ, մինչ Ամար Մանսուր` 12 կէտ, 12 էսիսթ եւ 8 ռիպաունտ: Ռիմ (7 կէտ) եւ Մեղրի (5 կէտ) ինչպէս նաեւ Փերլա Պու Նասր (3 կէտ) մեծ դեր ունեցան այսպիսի յաջող տարեշրջանի մը եւ մանաւանդ այս անմոռանալի աւարտականի մրցումին:
ՀՄԸՄ Անթիլիաս այսպիսով իր 4-րդ ախոյեանութիւնը շահեցաւ իր պատմութեան 2016-2017-2018 տարեշրջաններէն ետք` անցեալ տարուան աւարտականի վրէժը լուծելով Ռիատիէն:
Ասիկա 9 աւարտականներէն ետք 4-րդ տիտղոսն էր ՀՄԸՄ Անթիլիասի, մինչ Ռիատիի լիբանանցի աստղ Ռեպեքա Աքըլ առաջին անգամ ըլլալով կը պարտուէր աւարտականի մրցումի: Ան նախապէս ՀՄԸՄ Անթիլիասի հետ ալ ախոյեան դարձած էր:
