Պատմական ճակատում մըն էր շաբաթ օր «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ռիատի աւարտականի 5-րդ մրցումը:
Հազուադէպօրէն կը պատահի, երբ աղջկանց խումբ մը 16 կէտերով ետ մնալէ ետք ինքզինք կը պարտադրէ եւ արդիւնքը կը շրջէ: Նախապէս 2 մրցումներ հիւրընկալած «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ այդ բանը չէր պատահած, եւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս պարտուած էր: Շաբաթ օր տարբեր էր: Համակիրները լուռ չմնացին եւ անընդհատ քաջալերեցին: Մարզիչ Ճօ Մոժահեսի գործը շատ դժուար էր, բայց ան կրցաւ խումբը ոտքի հանել, եւ համակիրներուն հետ միասին առաջ մղելով պայքարի ոգին զայն աւելի բարձրացնել ու յաղթել ախոյեան Ռիատիին:
Ռիատիէն կը բացակայէր Մէյկըն Նաասան, բայց ՀՄԸՄ Անթիլիասէն ալ կը բացակայէր ազգային խումբի լաւագոյն տարրերէն Տանիելլա Ֆայյատ, որ տարեշրջանի սկիզբէն վիրաւորուելով Սթեֆանի Հատտատի նման ծունկի ետեւի մկանի խաչաձեւ մկաններու կապի վիրաբուժութեան ենթարկուած էր («Էյ. Սի. Էլ.»):
Մթնոլորտը «տաք» էր, արդիւնքը` ի նպաստ Ռիատիի, որ 16 կէտերու առաւելութիւն ալ ունէր, բայց պայքարը բնաւ կանգ չառաւ: Դիւրին կողովներ իրենց նպատակին չհասան, բայց յաղթանակի մարմաջը կար, եւ ներքին ձայն մը կ՛ըսէր, թէ պիտի յաղթենք:
Վստահաբար ատիկա կը զգար նաեւ մարզիչը, որ այդ բանը բացատրեց ՀՄԸՄ Անթիլիասի մարզիկներուն, որոնք բնաւ իրենց յոյսերը չկտրեցին եւ մինչեւ վերջին երկվայրկեան պայքարեցան: Շատ անգամ դժուար կ՛ըլլայ սուր պայքար մղելը եւ կողովին տակ կեդրոնացած կէտ նշանակելը: Ուժը, տաղանդը եւ կեդրոնացումը շատ կարեւոր են, եւ անոնք բոլորն ալ ներկայ էին: Համակիրները ուժ տուին, տաղանդը օգնեց, եւ մարզիչին թելադրութեամբ կեդրոնացումը ամբողջովին դէպի յաղթանակ էր:
Համակիրները «ծարաւ» էին յաղթանակի, մարզիկները քրտինքի իւրաքանչիւր կաթիլ կը թափէին գնդակին տիրանալու եւ դարձած էին մէկական ֆետայի:
ՀՄԸՄ Անթիլիասի վարչութեան տարիներու աշխատանքն ալ վերջապէս հասաւ իր նպատակին: Այդ աշխատանքին արդիւնքը ախոյեանութեան ձեռք բերումն էր:
Ապրի՛ք աղջիկներ, կեցցէ՛ք եւ կեցցէ՛ ՀՄԸՄ-ը… Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր:
