Երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն վերջ գտան 2026-ի Մոնտիալի առաջին հանգրուանի մրցումները, որոնց աւարտին յայտնի դարձան 32 խումբերուն անունները, որոնք պիտի շարունակեն Մոնտիալը, մինչ 16 խումբեր դուրս մնացին:
Ամէնէն անբախտ ազգային խումբը հաւանաբար Իրանն էր, որ իր 3 մրցումները հաւասարութեամբ աւարտեց` երեք մրցումներուն ալ նշանակելով օֆ-սայտ նկատուած կոլեր, որոնք ամբողջովին կրնային փոխել պատկերը:
Եգիպտոսի դէմ իր վերջին մրցումին, Իրանի յառաջապահը 93-րդ վայրկեանին կոլ մը նշանակած էր, սակայն անոր մարզական կօշիկին մէկ մասը օֆ-սայտի մէջ կը գտնուէր, ըստ ՎԱՐ-ին: Մոնտիալէն առաջ ՖԻՖԱ-ն յայտնած էր, որ օֆ-սայտի օրէնքը պիտի վճռէր յարձակող մարզիկներուն աւելի առիթ տալով, մանաւանդ երբ անոնց մարմիններուն մեծ մասը օֆ-սայտի դիրքի մէջ չէ, բայց տարբեր էր Իրանի պարագային, մանաւանդ Պելճիքայի եւ Եգիպտոսի դէմ մրցումներուն, երբ անոնց… առիթ չտրուեցաւ:
Աւելի՛ն, անոնք տակաւին կրնային անցնիլ յաջորդ հանգրուան եւ կը սպասէին երէկ առաւօտեան մրցումին` Ալճերիոյ եւ Աւստրիոյ միջեւ:
Մրցումէն առաջ հաւասարութիւն մը բաւարար կ՛ըլլար երկու խումբերուն յաջորդ հանգրուան հասնելուն, սակայն ֆութպոլի մէջ յստակ կանոն կայ, թէ ոչ մէկ խումբ դաշտ կրնայ ներկայանալ հաւասարութեան համար, որ շատ դիւրին պարտութեան կրնայ վերածուիլ:
37 տարեկան Առնաութովիչ Մոնտիալի իր 2-րդ կոլը նշանակեց 28-րդ վայրկեանին` բանալով մրցումին հաշիւը, բայց Ռաֆիք Պելղալի կրցաւ հաւասարեցնել արդիւնքը` նշանակելով Ալճերիոյ կոլը: 55-րդ վայրկեանին Մարսել Սապիցեր նշանակեց Աւստրիոյ 2-րդ կոլը, բայց Ռիատ Մահրեզ 5 վայրկեան ետք հաւասարեցուց արդիւնքը: 93-րդ վայրկեանին Ռիատ նշանակեց կոլ մը եւս, որ ոչ միայն ուրախացուց ալճերիացիները, այլ նաեւ Իրանի համակիրներն ալ: Իրան պիտի մնար Մոնտիալին մէջ` գերազանցելով Աւստրիան 1 կոլի տարբերութեամբ, բայց յառաջապահ Սասա Քալայճիչ հազիւ դաշտ ներկայացած գլխու հարուածով փրկեց Աւստրիան… դուրս ձգելով Իրանը:
Անբախտ Քալայճիչ, որ Շթութկարթի աստղերէն մէկն էր 6 տարի առաջ, երեք անգամ ծունկի ետեւի մկանի կոպերու («Էյ. Սի. Էլ.») վիրաբուժութիւններ ունեցած էր վերջին 5 տարիներուն, բայց երէկ եղաւ Աւստրիոյ հերոսը, որ 1982-ի Մոնտիալէն ի վեր չէր հասած Բ. հանգրուան:
Դուրս մնացողներու կարգին էին Հարաւային Քորէա, Թունուզ եւ Ուրուկուէյ: Երկու անգամ աշխարհի ախոյեան հանդիսացած Ուրուկուէյ (1930 եւ 1950) 1-0 արդիւնքով պարտուած էր Սպանիայէն իր վերջին մրցումին, Քափէ Վերտէի (2-2) եւ Սէուտական Արաբիոյ (1-1) հետ հաւասար մնալէ ետք:
Թունուզի մակարդակը բոլորովին ապշեցուցած էր բոլոր ֆութպոլասէրները, մանաւանդ որ Թունուզ զտումի մրցումներուն (10 մրցում) 22 կոլ նշանակած էր, առանց կոլ մը իսկ ստանալու, բայց Շուէտի (5-1), Ճափոնի (4-0) եւ Նետերլանտներու (3-1) դէմ չկրցաւ ինքզինք փաստել:
Բ. հանգրուան հասնող անակնկալ խումբերէն էին Շուէտ եւ Պոսնիա, մանաւանդ որ երկու խումբերն ալ զտումի աւելորդ փլէյ-օֆի հանգրուանի մասնակցած էին` հասնելու համար Մոնտիալին: Շուէտ նոյնիսկ փլէյ-օֆի հրաւէր ստացած էր Ազգերու լիկայի մրցումներուն լաւ արդիւնք արձանագրելուն համար, մինչ Պոսնիա Իտալիան դուրս ձգած էր:
Հետաքրքրական էր ափրիկեան մեծ թիւով խումբերու ներկայութիւնը Բ. հանգրուանին. Հարաւային Ափրիկէ, Փղոսկրեայ Ափունք, Քափէ Վերտէ, Եգիպտոս եւ Քոնկօ առաջին անգամ ըլլալով կը հասնէին Բ. հանգրուան:
Լիոնել Մեսսի երէկ Յորդանանի դէմ (Արժանթինի վերջին մրցումին) Բ. կիսախաղին դաշտ ներկայացաւ (60-րդ վայրկեան) եւ 80-րդ վայրկեանին ազատ հարուածով գրաւեց Յորդանանի բերդը` մրցանիշ մը եւս հաստատելով: 7 յաջորդական մրցումներու ընթացքին (Մոնտիալի գծով) ան կրցաւ առնուազն կոլ մը նշանակել` բարելաւելով մրցանիշները Ժիւսթ Ֆոնթենի (1958) եւ Ժայրզինիոյի (1970), որոնք Մոնտիալի 6 յաջորդական մրցումներու կոլեր նշանակած էին:
Մեսսիի կոլը Մոնտիալի պատմութեան 19-րդն էր, որ նշանակեց իր 39-րդ տարեդարձը տօնելէն 3 օր ետք:
Ասիկա Մեսսիի 123-րդ կոլն էր ազգային խումբի շապիկով, որ 202-րդ անգամը ըլլալով կը կրէր: Միայն Քրիսթիանօ Ռոնալտօ աւելի կոլ նշանակած է ազգային խումբին շապիկով (145 կոլեր):
Մեսսի այս Մոնտիալի կոլ-սքորըրն է` 6 կոլերով գերազանցելով ֆրանսացի Քիլիան Էմպափէն, պրազիլցի Վինիսիուսը եւ նորվեկիացի Էրլինկ Հաալանտը, որոնք 4-ական կոլեր նշանակած են:
Շաբաթավերջին արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները.
Էքուատոր – Գերմանիա 2-1
Ճափոն – Շուէտ 1-1
Թունուզ – Նետերլանտներ 1-3
Թուրքիա – Միացեալ Նահանգներ 3-2
Փարակուէյ – Աւստրալիա 0-0
Սենեկալ – Իրաք 5-0
Նորվեկիա – Ֆրանսա 1-4
Քափէ Վերտէ – Սէուտական Արաբիա 0-0
Ուրուկուէյ – Սպանիա 0-1
Եգիպտոս – Իրան 1-1
Նոր Զելանտա – Պելճիքա 1-5
Խրուաթիա – Կանա 2-1
Փանամա – Անգլիա 0-2
Քոնկօ – Ուզպեքիստան 3-1
Քոլոմպիա – Փորթուգալ 0-0
Ալճերիա – Աւստրիա 3-3
Յորդանան – Արժանթին 1-3
Այսօր տեղի պիտի ունենան հետեւեալ մրցումները.
Պրազիլ – Ճափոն ժամը 20:00-ին
Գերմանիա – Փարակուէյ ժամը 23:30-ին
Նետերլանտներ – Մարոք (վաղը առաւօտեան ժամը 4:00-ին)
Փղոսկրեայ Ափունք – Նորվեկիա վաղը ժամը 20:00-ին
Ֆրանսա – Շուէտ (վաղը կէս գիշերին)
Մեքսիքա – Էքուատոր (չորեքշաբթի առաւօտեան ժամը 4:00-ին)
Անգլիա – Քոնկօ (չորեքշաբթի ժամը 19:00-ին)
Պելճիքա – Սենեկալ (չորեքշաբթի ժամը 23:00-ին)
Միացեալ Նահանգներ – Պոսնիա (հինգշաբթի առաւօտեան ժամը 3:00-ին)
Սպանիա – Աւստրիա (հինգշաբթի ժամը 22:00-ին)
Փորթուգալ – Խրուաթիա (ուրբաթ առաւօտեան ժամը 2:00-ին)
Զուիցերիա – Ալճերիա (ուրբաթ առաւօտեան ժամը 6:00-ին)
Աւստրալիա – Եգիպտոս (ուրբաթ ժամը 21:00-ին)
Արժանթին – Քափէ Վերտէ (շաբաթ առաւօտեան ժամը 1:00-ին)
Քոլոմպիա – Կանա (շաբաթ առաւօտեան ժամը 4:30-ին)



