Շաբաթավերջին շարունակուեցան Մոնտիալի մրցումները: Հայիթի ու Թուրքիա պաշտօնապէս դուրս մնացին Մոնտիալէն` կրելէ ետք իրենց երկրորդ պարտութիւնը:
Նախապէս երկու խումբերն ալ կրնային հասնիլ կոլ-էվըրէյճի տարբերութեամբ, բայց ըստ ՖԻՖԱ-ի նոր օրէնքին, իրար դէմ ճակատումը պիտի դասէ խումբերը եւ ոչ կոլերու տարբերութիւնը, եւ նկատի ունենալով, որ Թուրքիա, որ պարտուեցաւ Փարակուէյէն (1-0) եւ Աւստրալիայէն (2-0), բնականաբար այդ խումբերէն վար պիտի դասուի` գրաւելով 4-րդ դիրքը:
Միացեալ Նահանգներ շարունակեցին իրենց լաւ ելոյթներու ընթացքը եւ 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեցին Աւստրալիան: Թուրքիա, հակառակ 10 մարզիկներով մրցելուն, չկրցաւ կոլ նշանակել Փարակուէյի բերդին մէջ, որ 2-րդ վայրկեանէն կոլ նշանակած էր: Թուրքիա ամբողջ կիսախաղ մը ճնշեց, չկրցաւ կոլ նշանակել եւ գլխիկոր դուրս մնաց Մոնտիալէն:
Պրազիլ 1-1 արդիւնքով հաւասարելէ ետք Մարոքի հետ առաջին մրցումին, 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հայիթին: Մաթէոս Քունիա (2) եւ Վինիսիուս Ճունիոր նշանակեցին Պրազիլի կոլերը առաջին կիսախաղին, մինչ Պարսելոնայի յառաջապահ Ռաֆինիա վիրաւորուեցաւ:
Մարոք 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սկովտիան` շնորհիւ Իսմայէլ Սայպարիի կոլին, որ իր 2-րդն էր Մոնտիալին:
Նետերլանտներու խումբը իր առաջին մրցումին 2-2 արդիւնքով հաւասարելէ ետք Ճափոնի հետ, 5-1 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Շուէտը, որ նոյն արդիւնքով յաղթած էր Թունուզին, իր առաջին մրցումին: Պրոպի (2) եւ Կաքփօ (2) նշանակեցին Նետերլանտներու 4 կոլերը, մինչ Սամըրվիչ նշանակեց 5-րդ կոլը: Անթոնի Էլանկա նշանակեց Շուէտի միակ կոլը:
Ճափոն 4-0 արդիւնքով լայն յաղթանակ մը արձանագրեց Թունուզի վրայ, որ իր կարգին դուրս մնաց Մոնտիալէն` կրելով իր 2-րդ պարտութիւնը:
Գերմանիա բաւական դժուար յաղթանակ մը տարաւ Փղոսկրեայ Ափունքի դէմ (2-1)` մէկ կոլով ետ մնալէ ետք:
Ազգութեամբ Եզիտի Տենիզ Ունտաւ 60-րդ վայրկեանին դաշտ ներկայացաւ եւ նշանակեց 2 կոլ (68-րդ եւ 94-րդ վայրկեաններուն): Ունտաւի խաղաոճը կը յիշեցնէ 1970-ականներու հերոս Կերտ Միւլերի խաղաոճը: Ասիկա Ունտաւի 11-րդ մրցումն էր Գերմանիոյ շապիկով, այս մրցումներուն ընթացքին ան նշանակած է 9 կոլեր:
Նոյն խմբակին մէջ, Քուրասաօ պատմութիւն կերտեց Մոնտիալի իր առաջին կէտը շահելով: 7-1 արդիւնքով պարտուելէ ետք (Գերմանիոյ դէմ) իր առաջին մրցումին, Էլոյ Ռում 15 վտանգաւոր հարուածներ զսպեց Քուրասաոյի բերդը անառիկ պահելով` յիշեցնելով մօտ շաբաթ մը առաջ Քափէ Վերտէի բերդապահ Վոզինիայի հերոսութիւնները (Սպանիոյ դէմ):
Էքուատոր կոլ չկրցաւ նշանակել, եւ Քուրասաոյի դէմ մրցումը մնաց առանց կոլերու: Երէկ առաւօտ Ճափոնի մրցումը Մոնտիալի 96 տարուան պատմութեան 1.000-րդն էր, մինչ մրցումին ընթացքին Ճափոնի պատմութեան առաւելագոյն կոլերու արդիւնքը արձանագրուեցաւ Մոնտիալի գծով:
Այսօր ժամը 20:00-ին Արժանթին պիտի մրցի Աւստրիոյ դէմ, գիշերը 12:00-ին Ֆրանսա` Իրաքի դէմ, իսկ առաւօտեան ժամը 3:00-ին Նորվեկիա` Սենեկալի դէմ: