Թենիս. Հայաստանի Տղոց Եւ Աղջկանց Հաւաքականները Կը Բարձրանան Աւելի Բարձր Դասակարգ

Հայաստանի թենիսի տղոց եւ աղջկանց հաւաքականները շարունակեցին իրենց յաջող ելոյթները եւ յաջորդաբար հասան «Տէյվիս Քափ»-ի եւ «Պիլի Ճին Քինկ»-ի մրցաշարքերու աւելի բարձր դասակարգ:

Տղոց հաւաքականը «Տէյվիս» բաժակի Դ. կարգի մրցումներու իր 4-րդ յաջորդական յաղթանակը արձանագրեց Ալպանիոյ դէմ` 3-0 արդիւնքով:

Այս յաղթանակով Հայաստանի հաւաքականը երաշխաւորեց առնուազն երկրորդ դիրքը եւ նուաճեց յաջորդ տարեշրջանի «Տէյվիս» բաժակի երրորդ կարգի ուղեգիրը:

Այսպիսով 2027-ին հայ թենիսմենները «Եուրոփ» Գ. դասակարգին մաս պիտի կազմեն:

Ալպանիոյ դէմ ճակատումին Սամուէլ Աղայեան 6-1 եւ 6-0 արդիւնքով յաղթեց Մարիօ Զիլիին, ապա Դաւիթ Պօղոսեան 6-3 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթեց Ալեքս Պրիֆթիի:

Զոյգ տղոց մրցումին Միքայէլ Աւանէսեան եւ Աւետիք Ղազարեան յաղթեցին Տենիս Կապա – Մարիօ Զիլի զոյգին` 6-4 եւ 6-4 արդիւնքով:

Հայաստանի վերջին մրցումը Մալթայի դէմ է, որ իր կարգին 4 յաջորդական յաղթանակներ արձանագրած է իր նախկին մրցումին:

Ծաղկաձորէն Սան Մարինօ, աղջկանց «Պիլի Ճին Քինկ» ազգային հաւաքականներու իր յաջող երկու մրցումներէն ետք, Հայաստան 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Մոնթենեկրոն: Սուր մրցակցութիւն կար բոլոր ճակատումներուն:

Անի Ամիրաղեան 6-2, 4-6 եւ 6-4 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Տիվնա Ռաթքովիչը: Էլինա Աւանէսեան 4-6 եւ 6-4 եւ 6-0 արդիւնքով կրցաւ յաղթել Թէա Նիցքեվիչին:

Զոյգերու մրցումին, Մարիա Ազիզեան – Ալինա Սողոմոնեան զոյգը 6-1, 3-6 եւ 10-8 արդիւնքով շատ դժուար յաղթանակ մը տարաւ Միրոքովիչ – Փրիյովիչ զոյգին վրայ:

Աւելի կանուխ Հայաստանի թենիսվումընները 3-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնած էին Ազրպէյճանի եւ Ալպանիոյ ազգային խումբերը, այս ձեւով Հայաստանի հաւաքականը իրաւունք ստացաւ յաջորդ եղանակին «Պիլի Ճին Քափ» մրցաշարքին Ափրիկէ/ Եւրոպա գօտիի Բ. դասակարգէն խաղալու:

Աղջկանց հաւաքականին համար կը մնայ մէկ մրցում, որ պէտք է անպայման յաղթել, այդ ալ Էսթոնիոյ դէմ է, որմէ ետք Հայաստան կ՛ապահովէ դասակարգ բարձրանալու իր տեղը:

Leave a Comment