Պրազիլի ազգային խումբի, Պարսելոնայի եւ Ա. Սէ. Միլանի պատմական նախկին յառաջապահ Ռոնալտինիօ կը վերադառնայ ֆութպոլի ասպարէզ: 46 տարեկան Ռոնալտինիօ արդէն իսկ համաձայնած է Իտալիոյ Գ. դասակարգի Ռավենա ակումբին հետ, ըստ «Կացեթա Տելլօ Սփորթ»-ի:
Համագործակցութեան վերաբերեալ պաշտօնական յայտարարութիւն կը սպասուի վաղը` Մայեմիի մէջ կայանալիք յատուկ ձեռնարկի մը ժամանակ, ուր կը ներկայացուի նաեւ ակումբին նոր մարզական շապիկը:
«Նոր գոյներ, նոյն ժպիտ: Անհամբեր կը սպասեմ այն վայրկեանին, երբ կրկին կը սկսիմ հրաշքներ գործել գնդակով եւ նոր պատմութիւն կը կերտեմ Ինիացիօ Չիպրիանիի եւ անոր ամբողջ ընտանիքին հետ: Ֆութպոլը ինծի մեծ ուրախութիւն պարգեւած է, եւ կը ցանկամ այդ մէկը Ռավենայի հետ ալ բաժնեկցիլ:
Ակումբի նախագահ Ինիացիօ Չիպրիանի Ռոնալտինիոյի տեղափոխութիւնը անուանած է «աներեւակայելի իրադարձութիւն» իտալական ֆութպոլի ամբողջ համակարգին համար: Կը սպասուի, որ 2002-ի աշխարհի ախոյեան Ռոնալտինիօ միանայ տարեշրջանի պատրաստութեան հաւաքի ժամանակ` նախապատրաստութեան աշխատանքներուն առաջին օրերէն ըլլալով մարզչական անձնակազմի տրամադրութեան տակ:
Անցեալ տարեշրջանին Ռավենա շատ մօտ էր բարձրանալու Բ. դասակարգ, իսկ այժմ նպատակ ունի պայքարիլ «սերի Պէ.» բարձրանալու համար` իր կազմին մէջ ունենալով 21-րդ դարու լաւագոյն ֆութպոլիստներէն մէկը:
Հակառակ անոր որ Ռոնալտինիօ անցեալ մարտին 46 տարեկան դարձած էր, սակայն ան ամբողջովին պատրաստ է անգամ մը եւս պաշտօնական հանդիպումներու մասնակցելու: