Միացեալ Նահանգներ. «Իսրայէլ-Լիբանան Բանակցութիւնները Յառաջիկայ Շաբաթ Պիտի Գումարուին Ուաշինկթընի Մէջ»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի եւ Լիբանանի նախագահ Ժոզեֆ Աունի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութենէն ետք յայտարարեց, թէ Լիբանան-Իսրայէլ բանակցութիւններու յաջորդ փուլը պիտի գումարուի 23 յունիսէն 25 յունիս:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թամի Պիկըթ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Ռուսիոյ «անգամ մը եւս շեշտեց (Հըզպալլայի) զինաթափումը», եւ Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը յայտնեց «լիբանանեան կառավարութեան լիարժէք գերիշխանութեամբ եւ իր բոլոր դրացիներուն հետ խաղաղութեան մէջ ապրելով լիբանանեան պետութեան ստեղծման ջանքերուն»:

Հաւաստի աղբիւրներ Իսրայէլի պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են, որ Իսրայէլ եւ Լիբանան բանակցութիւններուն ընթացքին լիբանանեան բանակին ճամբով Հըզպալլայի զինաթափման ծրագիրին համար փորձառական գօտիներ պիտի ճշդուին:

Նախագահ Աուն Ռուպիոյին յայտնեց, որ ամբողջական զինադադարի հաստատումը Իսրայէլի հետ ուղղակի բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթացի «հիմնական յենասիւնն» է:

«Անհրաժեշտ է, որ իսրայէլեան յարձակումները դադրին… իրագործման ճամբով համապարփակ զինադադարի մը, որ Լիբանան կը նկատէ Ուաշինկթընի մէջ յառաջիկայ շաբաթ որոշուած լիբանանեան-ամերիկեան-իսրայէլեան բանակցութիւններուն հիմնական յենասիւնը», նշեց նախագահ Աուն:

Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլի Ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար Պեն Ղաֆիր յայտարարած է. «Լիբանանեան կառավարութեան հետ բանակցութիւններ պէտք չէ ըլլան, քանի տակաւին Հըզպալլան այդտեղ գոյութիւն ունի»:

 

Leave a Comment