Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ.Տի.Վանս յայտնեց. «Ամերիկեան շահերը պայման չէ, որ իսրայէլեան շահերուն հետ մշտապէս համընկնին»:
«Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ Իրանի պատերազմին վերջ տալու ճշգրիտ ձեւին շուրջ որոշ տարակարծութիւններ ունի», ըսաւ ան:
«Միացեալ Նահանգներու ղեկավարները պէտք է շատ զգուշ ըլլան եւ շարժին մեր շահերուն ու ոչ թէ որեւէ այլ պետութեան շահերուն հիմամբ», շեշտեց Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը:
«Ճիշդ չէ, որ Նեթանիահուի բոլոր որոշումներուն եւ քաղաքականութիւններուն քննադատութիւնը հակասեմականութեան կ՛առաջնորդէ: Պէտք է շատ զգուշ ըլլանք ամէն քննադատութիւն հրեաներուն նկատմամբ ատելութիւն չորակելու», ըսաւ ան:
«Իսրայէլի կարգ մը աջակիցները մեր շահերն ու Իսրայէլի շահերը իրարմէ չեն զատորոշեր, եւ որոշ կառավարութեան մը քննադատութիւնը հրեաներու նկատմամբ ատելութեան հետ կը շփոթեն», նշեց Վանս: