Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ երէկ նշեց, որ Իրան իր հսկայական զոհողութիւններով աւելի ուժեղ դուրս եկաւ եւ փաստեց, որ իր իրաւունքէն զիջում չկայ, եւ ան շրջանին մէջ իր խօսքը ունի:
«Շրջանին մէջ Հըզպալլայի եւ Դիմադրութեան վերջ տալու ծրագիր մը գոյութիւն ունէր, եւ այդ ծրագիրը տապալեցաւ», ըսաւ ան:
Շէյխ Քասեմ յայտնեց. «Իսրայէլի գործելու ազատութեամբ զինադադարը յարձակումին շարունակութիւն է, եւ մենք զայն պիտի չընդունինք»: