Թենիս. Հայաստան Պարտութեան Մատնեց Իսլանտան` Իր Երրորդ Յաղթանակը Տանելով

Հայաստանի թենիսի տղոց հաւաքականը շատ կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց «Տէյվիս Քափ»-ի եւրոպական գօտիի Դ. խմբակի երրորդ հանգրուանին:

Մրցաշարքը տեղի կ՛ունենայ Ծաղկաձորի մէջ, ուր Հայաստանի հաւաքականը 2-1 արդիւնքով յաղթեց Իսլանտային, որ կը պայքարի աւելի բարձր կարգ բարձրանալու համար:

Առաջին ճակատումը շատ վճռական էր: Դաւիթ Պօղոսեան առաջին սեթին թայ-պէյքով պարտուեցաւ Ռաֆն Պոնիֆասիուսէն, սակայն 2-րդ սեթին ինքնավստահութիւնը վերագտաւ եւ 6-3 արդիւնքով յաղթեց:

3-րդ վճռական սեթին Պօղոսեան կը յառաջանար 4-1 արդիւնքով, որմէ ետք մրցակիցը չկրցաւ շարունակել մրցումը` վիրաւորուելով:

Երկրորդ ճակատումին, Միքայէլ Աւանէսեան 6-3 եւ 6-2 արդիւնքով պարտուեցաւ Էկիլ Սիկուրտսոնէն, եւ զոյգերու մրցումին մնաց վճռելու վերջնական յաղթականը: Սամուէլ Աղայեան եւ Դաւիթ Պօղոսեան զոյգը 7-6 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթեց Էկիլ Սիկուրտսոն – Վլատիմիր Ռիսթիչ զոյգին` ապահովելով Հայաստանի երրորդ յաջորդական յաղթանակը «Տէյվիս» բաժակին:

Պէտք է նշել, որ այս մրցաշարքին Հայաստանի հաւաքականի բոլոր թենիսմեններն ալ 18 տարեկան մարզիկներ են:

Հայաստանի յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ Ալպանիան, որ իր 3 ճակատումներուն ալ պարտուած է: Վահէ Աւետիսեանի մարզած հաւաքականը նախապէս յաղթած էր Անտորրային եւ Սան Մարինոյին:

 

 

Leave a Comment