2026-ի Մոնտիալը սկսաւ աւելի եւս հետաքրքրական դառնալ, մանաւանդ երբ բոլոր խումբերը ամբողջացնելէ ետք իրենց առաջին ելոյթները առաջին եւ երկրորդ խմբակները արդէն իսկ կատարեցին երկրորդ ելոյթները:
Հիւրընկալ երկիրներէն Մեքսիքա, որ բացման մրցումին 2-0 արդիւնքով յաղթած էր Հարաւային Ափրիկէի, շատ կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց Հարաւային Քորէայի դէմ եւ 6 կէտեր ապահովելով պաշտօնապէս դարձաւ առաջին խումբը, որ կը հասնի մոնտիալի յաջորդ հանգրուան:
Մեքսիքա լաւ ձեւով օգտուեցաւ Հարաւային Քորէայի բերդապահ Քիմ Սեոնկ-Կիուի եւ յետսապահ Լի Կի-Հիուքի իրար զարնուելէն, մինչ գնդակը ինկաւ բերդապահին ձեռքէն եւ Ռոմօ առիթը օգտագործեց նշանակելով մրցումին միակ կոլը:
87-րդ վայրկեանին, Մեքսիքայի բերդապահ Ռաուլ Ռանկել լաւ ձեւով զսպեց Չօ Կուէ-Սուկի գլխու հարուածը, ապա աւելի լաւ ձեւով զսպեց Եանկ Հիուն-Ճունի 2-րդ փորձը` աջ ձեռքը երկարելով եւ արգիլելով, որ գնդակը մուտք գործէ բերդին մէջ:
Նոյն խմբակին մէջ Չեխիա եւ Հարաւային Ափրիկէ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն արձանագրեցին: Չեխիա աւելի լաւ կը խաղար մրցումին սկիզբը եւ կոլ մը նշանակեց 6-րդ վայրկեանին Միչալ Սատիլեքի շնորհիւ, բայց չեխերը հետզհետէ փորձեցին մրցումին ընթացքը դանդաղեցնել` միեւնոյն ժամանակ առիթ տալով Հարաւային Ափրիկէի, որ ձեռք առնէ մրցումը:
83-րդ վայրկեանին Թեպոհօ Մոքոյենա փենալթիով նշանակեց Հարաւային Ափրիկէի հաւասարութեան կոլը, մրցումի մը, որուն իրաւարարները իգական սեռին կը պատկանէին:
Բ. խմբակի մրցումներուն այլ հիւրընկալ երկիր մը` Քանատա, Մոնտիալի իր պատմութեան առաջին յաղթանակը տօնեց 6-0 ջախջախիչ արդիւնքով յաղթելէ ետք նախորդ Մոնտիալի հիւրընկալ Քաթարին:
Լարին եւ Ճոնաթան Տէյվիտ նշանակած էին 2 կոլեր, երբ Հոմամ Ամին կարմիր քարտ ստացաւ մեծ քառակուսիին գիծին վրայ կարծր ֆաուլ մը կատարելու պատճառով: Նախ իրաւարարը դեղին քարտ տուած էր Ամինին եւ փենալթի` Քանատային: Սակայն ՎԱՐ-ի իրաւարարները վերատեսութեան ենթարկելէ ետք իրաւարարին առաջարկեցին դիտել եւ ապա դատել կացութիւնը: Նախապէս դեղին քարտ ստացած Ամինի քարտը փոխուեցաւ կարմիրի, իսկ փենալթին ջնջուեցաւ եւ ֆաուլի փոխուեցաւ մեծ քառակուսիէն դուրս:
Կիսախաղ չեղած, Եուվենթուսի յառաջապահ Տէյվիտ կոլ մը եւս նշանակեց: 53-րդ վայրկեանին Ասիմ Օմեր Մատիպօ կարծր ֆաուլի ենթարկեց Սասուլոյի միջնապահ Իսմայիլ Քոնէն` անոր ոտքը կոտրելով: Քաթար ստիպուեցաւ 9 մարզիկներով շարունակել մրցումը: Նաթան Սալիպա փոխարինեց Քոնէն եւ 7 վայրկեան ետք նշանակեց Քանատայի 4-րդ կոլը: 75-րդ վայրկեանին քաթարցի Մոհամետ Մաննայ սխալմամբ իր բերդին մէջ նշանակեց Քանատայի 5-րդ կոլը, իսկ Տէյվիտ ամբողջացուց իր հեթ-թրիքը 92-րդ վայրկեանին:
Նոյն խմբակին մէջ, Զուիցերիա 4-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Պոսնիան: Առաջին կիսախաղը բաւական «անհամ» էր, բայց Բ. կիսախաղի կէսերուն մանաւանդ ջուրի դադարէն եւ փոփոխութիւններ կատարելէ ետք, Եոհան Մանզամպի (2)- Ռուպեն Վարկաս եւ Կրանիթ Չաքա նշանակեցին Զուիցերիոյ կոլերը, մինչ Էրմին Մահմիչ նշանակեց Պոսնիոյ միակ կոլը: Պոսնիա 80-րդ վայրկեանին ստիպուեցաւ մրցումը շարունակել առանց Թարեք Մուհարեմովիչի, որ կարմիր քարտ ստացած էր:
Այսօր առաւօտեան ժամը 6:00-ին Թուրքիա պիտի մրցի Փարակուէյի դէմ, երեկոյեան ժամը 8:00-ին Շուէտ` Նետերլանտներու դէմ, ժամը 23:00-ին Գերմանիա` Փղոսկրեայ Ափունքի դէմ եւ առաւօտեան ժամը 3:00-ին Էքուատոր` Քուրասաոյի դէմ:
Վաղը առաւօտեան ժամը 7:00-ին Թունուզ կը մրցի Ճափոնի դէմ, երեկոյեան ժամը 7:00-ին Սպանիա` Սէուտական Արաբիոյ դէմ, իսկ ժամը 10:00-ին Պելճիքա` Իրանի դէմ: